Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա, որ նախանցեալ գիշեր միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասած էր Պէյրութ, երէկ այցելեց Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն եւ Քոլոնայի ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի կողմէ յայտնուած համաձայնութիւնը` ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները ամփոփող ամերիկեան փաստաթուղթին, պիտի ըլլայ հիմնական քայլ մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ թօթափել Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը` բանալով երկրին բարգաւաճման նոր էջը:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային` սահմանագծումի բանակցութիւններուն մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան համար, եւ խնդրեց Քոլոնայէն իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին, որ իր անձնական եւ Լիբանանի բարեկամն է ու միշտ նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք կ՛աշխատի Լիբանանի մէջ բարեկարգումները կատարելու, սկսեալ` իրաւական հաշուեքննութենէն մինչեւ քաղաքական բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին պահանջները իրագործելու:
Ան հաստատեց, որ ինք կ՛աշխատի նաեւ նախագահական ընտրութիւնը իրականացնելու եւ կառավարութիւնը կազմելու իմաստով` գիտնալով հանդերձ, որ Լիբանանի համար կարճ ժամանակ մնացած է այս բոլորը գործադրելու:
Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ հանրապետութեան նախագահին շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, որպէսզի ան կարենայ երաշխաւորել պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը եւ շարունակել փտածութեան դէմ պայքարը:
Նախագահ Աուն Քոլոնայէն խնդրեց, որ Ֆրանսա օժանդակէ Լիբանանին սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով` նկատի ունենալով, որ անոնց թիւը աւելի քան երկու միլիոն է, եւ անոնք կ՛ապրին ծանր պայմաններու մէջ` նկատի ունենալով Լիբանանի տագնապալի վիճակը` աւելցնելով, որ վերջերս սուրիական գաղթակայաններէն սկիզբ առած է քոլերա համաճարակը:
Նախագահ Աուն շեշտեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս այն իրականութեան համար, որ Սուրիոյ մէջ այլեւս կան ապահով շրջաններ, ուր կը տիրէ կայունութիւն: Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ սուրիացի տեղահանուածներուն համարկումը լիբանանեան հասարակութեան` աւելցնելով, որ լիբանանցիները կտրականապէս կը մերժեն այս քայլը` նկատի ունենալով անոր ունենալիք հետեւանքները երկու ժողովուրդներուն վրայ:
Իր կարգին, Քոլոնա հպարտութիւն յայտնեց նախագահ Աունի հետ ունեցած իր հանդիպումին համար` շեշտելով, որ նախագահ Մաքրոն իրմէ խնդրած է շնորհաւորել լիբանանցիները` բանակցութիւններուն դրական աւարտին եւ սահմանագծումի համաձայնութեան յանգելու առիթով:
Քոլոնա Մաքրոնի բարեմաղթութիւնները յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` աւելցնելով, որ Ֆրանսայի նախագահը բարեկամ բոլոր երկիրներուն հետ կը քննարկէ Լիբանանին զօրակցելու միջոցները:
Քոլոնա հաստատեց, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ Լիբանանի հետ իր բարեկամութեան, յատկապէս դժուար ժամանակներուն ընթացքին: Ան մաղթեց, որ լիբանանցիները կարենան յաղթահարել երկրին դիմագրաւած դժուար կացութիւնը, ինչպէս նաեւ կարենան ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը եւ գործադրել անհրաժեշտ բարեկարգումները` տնտեսական բարգաւաճում ապահովելու համար:
Ան ողջունեց նախագահ Աունի կեցուածքները` ընդգծելով սահմանադրական գործընթացներուն ժամկէտները յարգելու եւ խորհրդարանին կողմէ բարեկարգումներու առաջնորդող օրէնքներ վաւերացնելու կարեւորութիւնը:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Քոլոնան, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան, կառավարութեան կազմութեան, տնտեսական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի օրէնսդրական աշխատանքին եւ բարեկարգումներու գործադրութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի` Լիբանանին օժանդակելու անոր դերակատարութեան համար, յատկապէս ծովային սահմանագծումին մէջ Փարիզի ունեցած դերակատարութեան եւ ֆրանսական «Թոթալ» ընկերութեան կողմէ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող կազի եւ նաւթի հորերը հորատելու պահանջին ընդառաջումին համար:
Վարչապետարանին Մէջ
Քոլոնա այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային, որ միշտ Լիբանանի կողքին կը կանգնի եւ ամէն իմաստով կը զօրակցի անոր:
Ան բարձր գնահատեց նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, որոնց մասին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն միջազգային ամպիոններէն կ՛արտայայտուի:
Քոլոնա շեշտեց սահմանադրական գործընթացները ճշդուած ժամկէտին կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց բարեկարգումներու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ վերջնական համաձայնագիրի յանգիլ:
Միքաթի Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետէն խնդրեց օժանդակել Լիբանանին` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով:
Պէյրութի Միջազգային Օդակայանէն
Մեկնումի պահուն Քոլոնա Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին հաստատեց այս ամսուան ընթացքին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան իր բերած պատգամը այն է, որ երկրին մէջ նախագահական ընտրութեան սահմանադրական ժամկէտը պէտք է յարգուի, որովհետեւ անիկա Լիբանանի համար հիմնական անհրաժեշտութիւն է:
Քոլոնա ընդգծեց, որ Լիբանան չի կրնար հանդուրժել իշխանութեան մէջ ստեղծուելիք դատարկութիւնը:
«Նախագահական ընտրութիւնը լիբանանցիներուն կամքով պէտք է ըլլայ եւ անիկա լրիւ անոնց որոշումն է, սակայն նորընտիր նախագահը պէտք է ըլլայ անձնաւորութիւն մը, որ կրնայ գլխաւորել ժողովուրդը, միաժամանակ գործելով շրջանային եւ միջազգային ուժերու հետ` շրջանցելու համար ներկայ տագնապները եւ երաշխաւորելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը: Լիբանանի հետ մեր բարեկամութիւնը կ՛արտօնէ մեզի ըսելու, թէ Լիբանան չի կրնար իշխանութեան մէջ դատարկութիւնը հանդուրժել, իսկ պատասխանատուները պէտք է գործեն իրենց ստանձնած պատասխանատուութեան համաձայն», հաստատեց ան:
Քոլոնա ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի պատմական համաձայնութիւնը չի կրնար փոխարինել բարեկարգումները, որոնք կը մնան առաջնահերթութիւն, եւ որոնց գործադրութիւնը պէտք է կատարուի Միջազգային դրամատան հետ: «Բարեկարգումներու գործադրութիւնը միակ ընտրանքն է Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատելու, ինչպէս նաեւ քաջալերելու ներդրողները, որպէսզի երկրին մէջ ներդրումներ կատարեն եւ Լիբանանին ֆինանսաւորում ապահովեն», հաստատեց ան:


