Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր տնօրէն Քրիսթալինա Կէորկիեւայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ուքրանիոյ տագնապին ունեցած անուղղակի ազդեցութիւնները` միջինարեւելեան եւ հիւսիսափրիկեան երկիրներու տնտեսութիւններուն վրայ:
Քննարկուեցան նաեւ ուժանիւթի, ջուրի եւ սննդեղէնի ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Սալամ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ տնտեսական եւ ելեւմտական բարեկարգումներուն գործադրութեան` զանոնք նկատելով ազգային պարտականութիւն` երկրին փրկութեան ի խնդիր:
Սալամ նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանան մօտիկ ապագային մաս պիտի կազմէ նաւթային երկիրներուն` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը եւս կը պարտաւորեցնէ Լիբանանը` գործադրելու բարեկարգումները եւ ոչ թէ անտեսելու զանոնք: