ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 39.800 լ. ոսկի է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արձանագրուած զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Մաուլաուի նշեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի օժանդակելու լիբանանցիներուն` այս մութ փապուղիէն դուրս գալու համար: Մաուլաուի յայտնեց նաեւ, որ երկրին քաղաքական վարչակարգը պէտք է մնայ կայուն` աւելցնելով, որ ապահովական կայունութիւնը պիտի պաշտպանուի, յատկապէս` 31 հոկտեմբերէն ետք:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր այցելեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական զարգացումներն ու սահմանադրական գործընթացները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արեւմտեան Պեքաայի Մաշղարա շրջանին մէջ Ամմար եւ Շարաֆ ընտանիքներուն միջեւ արձանագրուած զինեալ բախումներուն լոյսին տակ, բանակը կատարած է ներխուժումներ եւ ձերբակալութիւններ: Նշենք, որ զինեալ այդ բախումներուն պատճառով արձանագրուած էին զոհ մը եւ երկու վիրաւորներ, իսկ բանակը որդեգրած էր խիստ միջոցառումներ` անցարգելներ զետեղելով եւ շրջուն ջոկատներով հսկողութիւն կատարելով` զսպել կարենալու համար կրակոցները եւ գիւղաքաղաքին վերադարձնելու իր անդորրը:


