Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 17, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 40.000 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ օր Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց երեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2022-ին ընտրելու իր երկու ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն անդամները: Կը նախատեսուի, որ ընտրութիւններուն յաջորդէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն հանրապետութեան նախագահ մը, որ իրականացնէ Լիբանանի շահերը, ինչպէս նաեւ ըլլայ նախագահ մը, որ «ծունկեր» ունենայ եւ ամերիկեան հրահանգներու չենթարկուի: Ռաատ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը յարգէ Դիմադրութիւնը եւ քաջ գիտէ անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը` երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանելու իմաստով:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապէն դուրս գալը կարելի պիտի ըլլայ ապահովել նախագահական ընտրութեամբ: «Պէտք է ընտրել հանրապետութեան գերիշխան նախագահ մը, որ երկիրը փրկելու ծրագիր ունի, ինչպէս նաեւ տնտեսական կացութեան ապաքինումի պատկերացում», ըսաւ ան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ խորհրդարանը ներկայացնող քաղաքական ուժերուն ոչ մէկը մեծամասնութիւն ունի` նախագահական իր թեկնածուն պարտադրելու, «հետեւաբար նախագահական ընտրութիւնը կարելի է կատարել միայն համախոհութեամբ եւ մարտահրաւէրներէ եւ ճակատումներէ հեռու մնալով», ըսաւ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք հանրապետութեան ոեւէ նախագահի ընտրութեան համաձայնութիւն պիտի չյայտնեն: «Մենք մարտահրաւէրի նախագահ մը չենք փափաքիր ունենալ, այլ կը պահանջենք նախագահ մը, որ երկիրը փրկելու կարողութիւն ունի` նկատի ունենալով, որ Լիբանան հասած է այս վատ իրավիճակին», ըսաւ ան: Ժահժահ աւելցուց, որ եթէ Լիբանանը փրկելու կարողութիւն ունեցող հանրապետութեան նախագահը քաղաքական մնացեալ ուժերուն համար մարտահրաւէրի նախագահ է, «ապա թող ան այդպէս ըլլայ», յայտնեց ան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ մարտահրաւէրներու եւ ընդվզումներու հիման վրայ կարելի չէ հանրապետութեան նախագահ մը յաջողցնել, նոյնիսկ եթէ աշխարհի բոլոր երկիրները անոնց հետ համաձայնութիւն գոյացնեն:

Միւս կողմէ, շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանի ծովային իրաւունքներուն կարելի պիտի չըլլար տիրանալ` առանց պետութեան եւ Դիմադրութեան միջեւ համագործակցութեան: Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կը մերժէ ելեկտրական հոսանքի սակին բարձրացումը` նախքան ելեկտրականութեան հայթայթումը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Թայյունէի դէպքերուն թղթածրարը ստանձնած դատաւորը պարկեշտ չէ եւ ան կ՛անսայ քաղաքական միջամտութիւններուն ու սակարկութեան կ՛ենթարկէ նահատակներուն թափած արիւնը: Ան շեշտեց, որ իրենց նահատակներուն թափած արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի` աւելցնելով, որ իրենք իրաւունքին պիտի յանգին` առանց անձնատուր ըլլալու հետաքննութեան նախնական եւ դիւրաբեկ արդիւնքներուն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումը կարելի եղաւ կատարել պատերազմի սպառնալիքով եւ ոչ թէ պատերազմով: Ան նշեց, որ Լիբանան կրցաւ յաղթանակ արձանագրել սահմանագծումի բանակցութիւններուն ընթացքին` Դիմադրութեան շնորհիւ, եւ առանց պատերազմ մը մղելու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ առանց Դիմադրութեան անկարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի հարստութիւնները պաշտպանել: Ան հաստատեց նաեւ, որ Դիմադրութիւնը պիտի դիմագրաւէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող բոլոր խոչընդոտները:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Սալամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատասխանատուներուն Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.