Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին, 13 հոկտեմբերի յիշատակին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ առանց 13 հոկտեմբեր 1990-ին լիբանանեան բանակի զինուորներուն նահատակութեան, Լիբանան չէր մնար եւ չէր գոյատեւեր:
Ան շեշտեց, որ օրին սուրիական հոգատարութեան դիմաց խոնարհող քաղաքական ուժերը քանի մը օր առաջ դարձեալ բացայայտեցին իրենց ինքնութիւնը, երբ ծաղրեցին 13 հոկտեմբերի յիշատակը:
Պասիլ հաստատեց, որ 13 հոկտեմբեր 1990-ին իրենք առանձինն վճարեցին լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը եւ ազատութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան իրաւունքը պաշտպանելու գինը, «իսկ 13 հոկտեմբեր 2022-ին ընձեռուած միջազգային պայմանները օգտագործեցինք` պաշտպանելու համար Լիբանանի բնական հարստութիւնը եւ լիբանանցիներուն իրաւունքները», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ 13 հոկտեմբերին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտարարեց Լիբանանի համաձայնութիւնը ծովային սահմանագծումին:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ 13 հոկտեմբեր 1990-ին զինուորապէս դաւադրութիւններ սարքած դէմքերը, 17 հոկտեմբերին հագուեցան տնտեսական դաւադրութեան դիմակները եւ աշխատեցան տապալել օրինականութիւնը, այսինքն` տապալել Պաապտան եւ պաշտպանել փտածութիւնը:
«Այսօր բացայայտուած է այն դաւադրութիւնը, որ թիրախ դարձուցած է Դիմադրութիւնը, թիրախ դարձուցած է մեզ եւ թիրախ դարձուցած Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը», շեշտեց Պասիլ:
Ան հաստատեց, որ ինչպէս որ Ազգային ազատ հոսանքը զինուորական 13 հոկտեմբերէն արժանապատիւ կերպով դուրս եկած է, եւ զօր. Աուն աւելի մեծ զօրութեամբ վերադարձած է Լիբանան, «ան պարկեշտութեամբ դուրս պիտի գայ տնտեսական 13 հոկտեմբերէն, իսկ նախագահ Աուն աւելի զօրացած պիտի վերադառնայ Ռապիէ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի` Պասիլ յայտնեց, որ անկարելի է, որ Սալամէ 7 երկիրներէ հալածուող միջազգային աւազակ մը ըլլայ եւ Լիբանանի արդարադատութենէն փախուստ տայ, եւ տակաւին շարունակէ սեւ շուկային փոխարժէքը հակակշռել ու երկրին պահեստի ոսկիին պատասխանատուն մնալ:
«Կ՛արժէ յիշեցնել, որ անկարելի է, որ Իսրայէլի դէմ յաղթանակ արձանագրողները եւ անոր ատամները թիւ 23 սահմանագիծէն ու Կանայի նաւթահորէն հեռացնողները, չկարենան յաղթել քանի մը մանկլաւիկի, որոնք փտած են եւ որոնց արժէքը կը չափուի ժողովուրդէն գողցած անոնց քանի մը տոլարով», ըսաւ ան:
Պասիլ շեշտեց, որ ծովային սահմանագծումը Լիբանանը զերծ չի կացուցեր բարեկարգումներու գործադրութենէն: Ան նշեց, որ սահմանագծումի համաձայնութիւնը հսկայ նուաճում մըն է` աւելցնելով, որ ամէնէն աւելի Ազգային ազատ հոսանքը աշխատած է այս համաձայնութիւնը իրականացնելու ուղղութեամբ: «Ոչ ոք կրնայ ուրանալ այդ դերակատարութիւնը: Երբ մենք ուժանիւթի նախարարութիւնը ստանձնեցինք, այդ նախարարութեան մէջ նաւթի մասին ոչ մէկ փաստաթուղթ կար», ըսաւ ան:
Պասիլ նշեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Դիմադրութեան զօրութեամբ եւ հրթիռներով հաստատեց հետեւեալ տարազը. «Առանց Կանայի կազին, Քարիշէն կազ չկայ»:
Ան շեշտեց, որ կազն ու նաւթը հարստութիւն են Լիբանանի նորահաս սերունդներուն համար:
Պասիլ նկատել տուաւ նաեւ, որ երկրին մէջ բարեկարգումները կատարելու համար կարիքը կայ կառավարութեան մը եւ հանրապետութեան նախագահի: «Անշուշտ նախապատուութիւնը կ՛երթայ հանրապետութեան նոր նախագահին, սակայն կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտ է` ստեղծուելիք դատարկութեան պարագային», ըսաւ ան:
Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ նկատել տուաւ, որ չ՛արժեր, որ նախագահ Աուն իր նստաշրջանի վերջին երկու շաբթուան ընթացքին ընդունի այն բաները, որոնք վեց տարուան ընթացքին մերժած է: Ան շեշտեց, որ հակառակ անոր որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը չէ հետաքրքրուած նոր կառավարութեան մէջ ներկայացուելով, բայց եւ այնպէս ան կը մերժէ դպչիլ հանրապետութան նախագահի իրաւունքին եւ անոր ներկայացուցած ժողովուրդի իրաւունքին:
Նախագահական ընտրութեան մասին Պասիլ ընդգծեց, որ իրենք պիտի չընդունին հանրապետութեան նախագահ մը, որ ժողովրդային եւ խորհրդարանական ներկայացուցչութիւն չունի:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին համաձայնութիւն գոյացնելու նախագահին շուրջ, նախքան` նախագահական աթոռին թափուր մնալը: «Մենք կը փափաքինք ընտրել բարեկարգչական նախագահ մը, որ այս կամ այն վարչակարգին պատանդը չէ», ընդգծեց Պասիլ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ 31 հոկտեմբեր 2022-ին նախագահ Աուն պիտի վերադառնայ Ռապիէ` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին անոր հետ սկսիլ տնտեսական դիմադրութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն գումարները վերադարձնել եւ անոնց արժանապատիւ կեանք մը ապահովել, ինչպէս նաեւ տնտեսութիւնը ազատականացնել եւ ելեւմտական գերիշխանութիւնը վերահաստատել:
«Կը փափաքինք Պաապտայի պալատէն նախագահ Աունի յաղթական դուրս գալուն ընկերակցիլ, որովհետեւ ան յանդգնեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն մերժել դարու գործարքը եւ պաղեստինցիներու բնակեցումը: Նախագահ Աուն քաջաբար վտարեց ահաբեկչութիւնը եւ ՏԱՀԵՇ-ը` Լիբանանի լեռներէն: Ան յաղթական է, որովհետեւ կրցած է ապահովել սահմանագծումը` երաշխաւորելու համար երկրին նաւթն ու կազը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու համար իրաւական հաշուեքննութիւնը եւ բացայայտելու համար Կեդրոնական դրամատան կառավարիչն ու անոր ետին գործող փտած վարչակազմը», եզրափակեց Պասիլ: