Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Մաքրոնէն Ստացաւ Շնորհաւորական Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը

October 17, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնէն` հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումի նուաճումը իրականացնելու առիթով:

Մաքրոն շեշտեց, որ սահմանագծումը իրականացնելու ուղին դժուար էր եւ փշոտ, սակայն նախագահ Աունի պնդումներուն շնորհիւ կարելի եղաւ անիկա իրականացնել:

«Ֆրանսա իր համեստ ներդրումը ունեցաւ այդ համաձայնութեան մէջ», ըսաւ Մաքրոն` աւելցնելով, որ այդ համաձայնութիւնը Լիբանանին եւ ամբողջ շրջանին համար աւետիս մըն է, որովհետեւ առիթ պիտի ստեղծէ օգտուելու հոն գտնուող նաւթի ու կազի քանակներէն:

Մաքրոն ընդգծեց, որ Լիբանան կրնայ վստահիլ «Թոթալ» ընկերութեան խոստումներուն` աւելցնելով, որ ինք պիտի հսկէ, որ այդ յանձնառութիւնները գործադրուին:

Իր կարգին, նախագահ Աուն վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային եւ անձամբ նախագահ Մաքրոնին` Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն անոր զօրակցութեան համար: «Պարո՛ն նախագահ, անձամբ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի` այս նուաճումին մէջ ձեր ունեցած ներդրումին համար, յատկապէս «Թոթալ» ընկերութեան ընդմէջէն», շեշտեց նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ համաձայնութեան անցած ու անցնելիք տարբեր փուլերուն` շեշտելով, որ Լիբանան կը վստահի Ֆրանսային` համաձայնութեան ճիշդ գործադրութեան առումով:

Իր կարգին, Մաքրոն ընդգծեց, որ համաձայնութիւնը Լիբանանին եւ շրջանին կայունութիւն կը պարգեւէ` վերահաստատելով, որ Ֆրանսա պիտի հսկէ այդ համաձայնութեան ճշգրիտ գործադրութեան:

Նախագահներ Աուն եւ Մաքրոն անդրադարձան Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն, որոնց շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք պիտի շարունակէ գործադրել պահանջուած բարեկարգումները, որոնք կ՛ապահովեն Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինումը:

Նախագահ Աուն նշեց նաեւ, որ ինք մինչեւ վերջ պիտի հետապնդէ Կեդրոնական դրամատան դէմ բացուած իրաւական հաշուեքննութիւնը` հասնելով մինչեւ դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքի փոփոխութեան եւ դրամատնային համակարգի վերադասաւորման:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք մինչեւ իր նախագահական նստաշրջանին վերջին վայրկեանը պիտի հսկէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ սահմանադրական գործընթացներուն ճշդուած ժամկէտներուն իրագործման: Ան մաղթեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահը կարելի ըլլայ ընտրել ճշդուած թուականին եւ խուսափիլ ստեղծուելիք դատարկութենէն:

Մաքրոն իր կարգին յայտնեց, որ Ֆրանսա կը փափաքի, որ Լիբանանի մէջ սահմանադրական գործընթացներուն ժամկէտները յարգուին: Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը Լիբանանի համար գերիշխանական հարց է եւ սահմանադրական առաջնահերթութիւն մը, որ պէտք է յարգուի:

Մաքրոն մաղթեց, որ Լիբանան Միջազգային դրամատան հետ վերջնական համաձայնութեան մը յանգի, ինչպէս նաեւ սննդեղէնի ապահովութիւն կարենայ երաշխաւորել` համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ խորհուրդներուն կողմէ:

Մաքրոն բարձր գնահատեց նախագահ Աունի քաջութիւնը` անոր նախագահական ամբողջ նստաշրջանին ընթացքին:

Նախորդը

«Հարաւային Լիբանանի Մէջ Բախումներու Հաւանականութիւնը Կը Նուազի» Շեշտեց Էյմըս Հոքշթայն

Յաջորդը

Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Կալանաւորուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ 3-ը Հայ Են

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.