Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժըպրան Պասիլ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Բոլոր Իրաւունքներուն»

Հոկտեմբեր 14, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որ շնորհաւորեց Լիբանանը` ծովային սահմանագծումին իմաստով գոյացած համաձայնութեան առիթով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այդ համաձայնութեան գործադրութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց ծիրին մէջ Վրոնեցքա շեշտեց, որ Իսրայէլ պիտի չարգելակէ սահմանագծումի ուղին:

Իր կարգին, Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր բոլոր իրաւունքներուն` աւելցնելով, որ լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքն է իր ունեցած նաւթային բնական հարստութիւնը ներդրել երկրին բարգաւաճման եւ զարգացումին ի խնդիր:

Պասիլ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ նաւթային երկիր դառնալու կողքին Լիբանան կարիք ունի նաեւ իմաստուն, հասուն եւ թափանցիկ կառավարման դրութեան:

Միւս կողմէ, 13 հոկտեմբերի յիշատակին առիթով Պասիլ երէկ այցելեց Թանգարան, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց «Անյայտ զինուոր»-ի յուշարձանին:

«Այս պահը շաղախուած է արիւնով, ցաւով եւ կորովով, որոնք ուրիշ բաներէ աւելի կարեւոր են: Մենք պէտք է իրարու նահատակները յարգենք, անոնց յիշատակը յարգենք, որովհետեւ ոմանք այս թուականին ընթացքին սպաննուեցան` օրինականութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր, իսկ ուրիշներ դաւաճանեցին հայրենիքին եւ արհամարհեցին նահատակներուն յիշատակը», յայտնեց Պասիլ:

 

 

Նախորդը

Ամին Ժեմայէլ. «Ծովային Սահմանագծումը Զինադուլի Բ. Համաձայնագիր Է»

Յաջորդը

Սուրիացի Տեղահանուածներու Ապահով Տունդարձի Յաջորդ Փուլը Պիտի Ընդգրկէ 1600 Ընտանիք

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?