Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոլոնա Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Պէյրութ

October 14, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Պէյրութ:

Կը նախատեսուի, որ Քոլոնա հանդիպումներ ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Նկատի ունենալով նախագահական ընտրութեան սահմանադրական ժամկէտը, Քոլոնա վերահաստատում մը պիտի կատարէ, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ լիբանանեան սահմանադրական հաստատութիւններուն հեզասահ աշխատանքին:

Ան պիտի հաստատէ նաեւ Լիբանանի նոր կառավարութիւն մը ունենալուն անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը դուրս բերել իր դիմագրաւած վտանգաւոր տագնապէն, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ գործադրել տնտեսական եւ ելեւմտական այն բարեկարգումները, որոնք նշուած են Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ստորագրուած համաձայնագիրին մէջ:

Քոլոնա նկատել տուաւ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ապրիլ ամսուան ընթացքին Լիբանանի ստորագրած համաձայնագիրը հիմնական է Լիբանանի համար:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին համար այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ նաեւ առիթ մը` շնորհաւորելու ծովային սահմանագծումը` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ, նկատի ունենալով նաեւ Ֆրանսայի ունեցած ներդրումը այդ համաձայնութեան յաջողութեան մէջ:

Իր այցելութեան աւարտին Քոլոնա հանդիպում մը պիտի ունենայ Կարմիր խաչի կազմակերպութեան մէջ գործող կամաւոր երիտասարդներուն հետ, որոնք օրական դրութեամբ կը ծառայեն լիբանանցիներուն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ամին Ժեմայէլ. «Ծովային Սահմանագծումը Զինադուլի Բ. Համաձայնագիր Է»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.