Հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը մօտիկ ապագային կը դառնայ իրականութիւն:
Այս իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ այդ համաձայնութիւնը քննարկելու կարիք չկայ, որովհետեւ սահմանագծումի մասին Միացեալ Նահանգներու պատրաստած համաձայնութիւնը Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն մը չէ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումը` զայն նկատելով շրջանին մէջ կայունութիւնն ու լիբանանցի ու իսրայէլացի ժողովուրդներուն բարեկեցութիւնը ամրապնդող քաջալերական քայլ մը:
Կութիերես յայտնեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ երկու կողմերուն օժանդակելու, ինչպէս նաեւ երկու կողմերէն պահանջեց նախանձախնդիր ըլլալ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Միւս կողմէ, սահմանագծումի առումով Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ տեղի ունեցած անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք յաջողած է հոն, ուր քանի մը տարի առաջ ձախողած է:
Ան նշեց, որ ինք շատ բան սորված է այդ փորձառութենէն եւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլին սկսած է, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն իրմէ խնդրած է իբրեւ բանագնաց վերսկսիլ աշխատանքներուն:
Հոքշթայն յայտնեց, որ սխալ են այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանան բանակցութիւններուն ընթացքին տուժած է, որովհետեւ հակառակը ճիշդ է: «Այս շահերը իրականացած են, որովհետեւ ամիսներ առաջ բանակցութիւնները փոփոխութեան ենթարկուած են, եւ անոնց նկատմամբ տարբեր մօտեցում որդեգրուած է, այն նպատակով, որ Լիբանան իր ջուրերուն մէջ ունենայ բաւական տարածութիւն, ուրկէ կարենայ ստանալ իրեն պատկանող ուրոյն կազը, որ իր կարգին օտար ներդրումներ կ՛ապահովէ երկրին, ինչպէս նաեւ հում նիւթ է ելեկտրական հոսանք արտադրելու», յայտնեց ան:
Հոքշթայն նկատել տուաւ, որ Իսրայէլի պարագային հիմնական հետաքրքրութիւնն ու պահանջը եղած է ապահով ու կայուն սահման ունենալ նաւթ արտահանելու:
«Այս շրջագիծին մէջ կ՛ողջունեմ նաեւ բանակցութեան մասնակցող լիբանանեան մարմինին աշխատանքը` աւելցնելով, որ բանակցութիւնները յաջողած են, որովհետեւ եղած են պատասխանատուներ, ինչպէս` խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, Լիբանանի նախագահական պալատի մարմինը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդական Ալի Համտան», շեշտեց ան:
Հոքշթայն յոյս յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումին իրականութիւն դառնալէն շաբաթներ ետք «Թոթալ» եւ «Էնի» ընկերութիւնները լիբանանեան ջուրերուն մէջ հորատումի աշխատանքները սկսին:
Պէտք է աւելցնել, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի խորհրդականը մնայուն կապի մէջ էր Էյմըս Հոքշթայնի հետ` յառաջ մղելու համար բանակցութիւնները:
Սահմանագծումի իմաստով կապ հաստատուած էր նաեւ Ֆրանսայի եւ Հըզպալլայի միջեւ, իսկ նախագահ Մաքրոն «Թոթալ» ընկերութենէն պահանջած է արագացնել պեղումները եւ սահմանագծումէն անմիջապէս ետք հորատել Կանայի նաւթահորը:
Մաքրոն «Թոթալ»-էն խնդրած է Իսրայէլին հատուցում տալ Կանայի նաւթահորէն ապահովուելիք «Թոթալ» ընկերութեան շահաբաժինէն` առանց Լիբանանի շահերուն դպչելու:
Իր կարգին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւններուն մէջ ինք դերակատարութիւն ունեցած է` աւելցնելով, որ իր դերակատարութիւնը եղած է քուլիսներուն ետին եւ հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Հըզպալլայի հետ խորհրդակցութեան վրայ:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ հակառակ իր դէմ գոյութիւն ունեցող ամերիկեան պատժամիջոցներուն, ինք անձամբ մասնակցած է ամերիկեան միջնորդութեամբ տեղի ունեցած սահմանագծումի բանակցութիւններուն:
«Բնական է, որ դերակատարութիւն ունենամ նման բանակցութիւններու մէջ: Բոլորը գիտեն, թէ ասիկա իմ պարտականութիւնս է, եւ քաղաքական իմաստով գիտեմ գործակցիլ ներքին եւ արտաքին քաղաքական ուժերու հետ: Ըստ երեւոյթին յաջողած ենք», յայտնեց ան:
Պասիլ մերժեց յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնել իր դերակատարութեան մասին, եւ բաւարարուեցաւ հաստատելով, որ ինք ուղղակի կապի մէջ եղած է Հըզպալլայէն պատասխանատուներու հետ, որոնց դերակատարութիւնը նաեւ դրական եղած է: «Ուղղակի հաղորդակցութիւններ ունեցած եմ նաեւ այլ անձնաւորութիւններու հետ, եւ այս բոլորը կապ չունին ինծի դէմ պարտադրուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն հետ, որոնք պիտի ջնջուին իրենց անարդար ըլլալուն համար», շեշտեց Պասիլ:
Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ հաստատեց, որ ինք դիմած է Միացեալ Նահանգներու վերադատ ատեանին եւ ամերիկեան ելեւմուտքի նախարարութեան հետ հաղորդակցութեան ճամբով պահանջած է մանրամասնութիւններ, որոնք կը վերաբերին իր թղթածրարին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Շինքըր յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք չէ խանդավառուին Պայտընի կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ: «Աուն երկրին նախագահն է, եւ Պայտըն բնականաբար անոր հետ պիտի կապուէր, սակայն Ուաշինկթըն իր կեցուածքին վրայ կը մնայ` Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու առումով, իսկ Պայտըն զգուշացուցած է նախագահ Աունը` անոր փեսան` Ժըպրան Պասիլը նախագահ ընտրելու հետեւանքներէն, նկատի ունենալով անոր դէմ պարտադրուած ամերիկեան պատժամիջոցները: Ի վերջոյ նախագահի ընտրութիւնը լիբանանցիներուն որոշումն է, սակայն այդ որոշումը հետեւանքներ պիտի ունենայ, եթէ փտածութեամբ ամբաստանուած նախագահ մը ընտրուի», ըսաւ Շինքըր:
Ան նշեց, որ սահմանագծումի բանակցութիւնները յաջողած են, որովհետեւ Հըզպալլա դադրած է այդ բանակցութիւններուն մէջ արգելքներ ստեղծելէ` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական ահռելի տագնապը:
«Իսրայէլ իր կարգին այս համաձայնութիւնը կը նկատէ դրական, որովհետեւ անոր շնորհիւ Հըզպալլա եւ անոր դաշնակիցները համաձայնութիւն յայտնած են փաստաթուղթի մը, որ բացայայտօրէն Իսրայէլի անունը կը նշէ», յայտնեց ան:
Շինքըր յայտնեց, որ Լիբանան պատրաստ չէր համաձայնութիւն գոյացնելու, երբ սահմանագծումի բանակցութիւնները ինք կը վարէր` աւելցնելով, որ օրին Լիբանան կառչած կը մնար թիւ 29 սահմանագիծին:
Ան հաստատեց նաեւ, որ սահմանագծումի ներկայ համաձայնութեան մէջ Իսրայէլ շատ աւելի մեծ զոհողութիւններ կատարած է, քան` Լիբանանը, նկատի ունենալով Հըզպալլայի սպառնացած աւելի լուրջ վտանգը` անոր ունեցած արդիական զէնքերուն պատճառով:


