Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհակալ եղած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` ծովային սահմանագծումին մէջ անոր ունեցած դրական ներդրումին համար:
Հոքշթայն շեշտեց, որ սահմանագծումի բանակցութիւններուն ընթացքին Ֆրանսայի կառավարութիւնը միշտ օժանդակած է, «բնականաբար Ֆրանսա շահագրգռուած է Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումներով, իսկ երբ Լիբանան կը գտնուէի` ամէնօրեայ դրութեամբ Ֆրանսայի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ կը հանդիպէի եւ շնորհակալ եմ անոր համար», հաստատեց ան:
Հոքշթայն նշեց, որ լիբանանցիները ուրախ են ծովային սահմանագծումի այս համաձայնութեամբ: «Անոնք արժանի են յոյսի եւ բարգաւաճելու առիթի: Մենք` իբրեւ Միացեալ Նահանգներ` ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք զօրակցելու համար լիբանանեան նպատակներու իրագործման», ըսաւ ան:
Հոքշթայն ընդգծեց, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու հաւանականութիւնը կը նուազի` աւելցնելով, որ երկիրը աւելի ապահով պիտի դառնայ, եւ մեծ ընկերութիւններ ներդրումներ պիտի կատարեն Լիբանանի մէջ` ստեղծելով աշխատանքային առիթներ:
Հոքշթայն նախատեսեց, որ Լիբանանի մէջ դրական փոփոխութիւնները արագ կերպով արձանագրուին:
«Երբ բնական կազի արտահանում կատարուի, պիտի հսկենք, որ նախ Լիբանան շուրջօրեայ դրութեամբ ելեկտրականութիւն ունենայ: Այդ գործընթացը շատ արագ պիտի իրականանայ», ըսաւ Հոքշթայն` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ լիբանանցիները արժանի են պետութեան մը, որ կը գործէ ի շահ իր քաղաքացիներուն:
Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ ծովային սահմանագծումը կ՛երաշխաւորէ նաեւ Իսրայէլի անվտանգութիւնը` ընդգծելով, որ ո՛չ Իսրայէլ եւ ո՛չ ալ Լիբանան իրենց բոլոր պահանջները ստացած են: «Բանակցութիւնները ընդհանրապէս այս ձեւով կը կատարուին», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ Լիբանան նամակ մը ստացած է Կիպրոսէն` վերաշխուժացնելու համար Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի բանակցութիւնները:
Հարաւային Լիբանանի մէջ կատարուած սահմանագծումի համաձայնութեան մասին Պու Սաապ ըսաւ, որ կը նախատեսուի, որ համաձայնութեան նամակները յղուին հոկտեմբերի վերջին շաբթուան ընթացքին` հաստատելով, որ Լիբանան սահմանագծումի համաձայնութեան կրցած է յանգիլ` առանց Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու:
Նշենք նաեւ, որ Պու Սաապ հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը պիտի չարտօնէ, որ նաւթէն եւ կազէն ապահովուած շահերը, որոնք լիբանանեան գերիշխանական սնտուկ պիտի հասնին` իւրացուին կամ գողցուին: