Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 50.300 լ. ոսկի է:

Ուժանիւթի նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 26.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 26.000 լ. ոսկիով, մազութը` 27000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 17.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 862.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 884.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 917.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 548.000 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է իր հիմնական պահանջին` աւելցնելով, որ Լիբանան տակաւին կարիքը ունի ելեկտրականութեան մարզին տրամադրուելիք երրորդ նիւթական յատկացումին:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ ինք լայն առումով խորագիրները ճշդած է` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պաշտօնեաներու պահանջներուն եւ անոնց վճարուելիք երկու ամսուան ընկերային յատկացումներու գործիքակազմին վերաբերեալ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ իրենք համաձայն չեն սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու, որպէսզի լիբանանեան բանակի հրամանատարը հանրապետութեան նախագահ ընտրուի: Ապի Խալիլ աւելցուց, որ իրենք կը մեղադրեն Հըզպալլան` կառավարութեան նիստին մասնակցելուն համար:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Էմիլ Լահուտի անուան կիսակառոյց ողիմպիական լողաւազանին համար 20 միլիոն տոլար ծախսելը լիբանանցիներուն դէմ գործուած ելեւմտական ոճիր է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ ՄԱԿ-էն պաշտօնապէս չի խնդրուիր Լիբանանի մէջ փտածութեան եւ դրամի լուացումի մասին անկախ յանձնախումբ մը կազմել:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ տարակարծութիւնը կը խանգարէ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քերիմ Քապպարա հաստատեց, որ բոլորը գիտեն, թէ առանց երկխօսութեան լուծում կարելի չէ ապահովել, «սակայն արդեօք անոնք կ՛ուղղուին բախումի եւ լարուածութեան, որպէսզի աւելի սուղ վճարեն երկխօսութեան գինը», հարց տուաւ ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ զօր. Միշել Աունի մտայնութիւնը ունի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ կոչ ուղղեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին յարգելու երկրին Ազգային ուխտը եւ վերջ տալու փորձերուն` երկիրը ներքաշելու այնպիսի տարակարծութիւններու մէջ, որոնք աննպատակ են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ դիմադրութեան առանցքը իր ներկայ կառուցուածքով կ՛արգելակէ Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կ՛օժանդակէ այդ հոլովոյթին` գրաւ դնելով մեր յոգնութեան վրայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ գերիշխանական ուժերէն մէկը կոչ կ՛ուղղէ երկիրը բաժանումի ենթարկելու, եթէ անկարելի դառնայ իրենց փափաքած թեկնածուն հանրապետութեան նախագահ ընտրել: Քասեմ հաստատեց, որ ազգային պատասխանատուն բնաւ բաժանումի կոչ չ՛ուղղեր:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս Կրեց Տարեշրջանի Իր 13-րդ Պարտութիւնը

Յաջորդը

Բանակին Եւ Իսրայէլեան Ուժերուն Միջեւ Պատրաստ Վիճակ` Մթըլլէի Մօտակայքը

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?