Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի գրասենեակը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ նախարարութիւնը պատշաճ դասաւորումները կատարած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ու ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի հետ եւ Լիբանան շուտով յարմար պահուն պիտի հատուցէ ՄԱԿ-ի մօտ իրեն վիճակուած ցենզը եւ պահպանէ իր իրաւունքները:
Լուսաբանական այս յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ այն տեղեկութիւններէն ետք, երբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար ԱնթոնիօԿութիերես յայտարարեց, թէ Լիբանան հինգ այլ պետութիւններու կողքին (Հարաւային Ափրիկէ, Սուտան, Տոմինիքեան կղզիներ, Կապոն…) պիտի զրկուի ՄԱԿ-ի մէջ իր ընտրելու իրաւունքէն, ՄԱԿ-ի պիւտճէին իր նպաստի մասնակցութեան տարեկան ցենզը վճարած չըլլալուն պատճառով: Ըստ ՄԱԿ-ի աղբիւրներու, նշեալ ցենզը կը հաշուէ մօտ երկու միլիոն ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի այս յայտարարութիւնը դուռ բացած էր լայն քննադատութիւններու, ուր լիբանանցի կարգ մը երեսփոխաններ եւ պատասխանատուներ լիբանանեան պատկան իշխանութիւնները մեղադրեցին նման «խայտառակութեան» գծով` այս քայլը նկատելով Լիբանանը դէպի գահավիժում մղող ճամբու նախաքայլը:


