Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը 19 Դեսպաններու Ներկայութեան Շարունակեց Քննարկել Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

January 19, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը`  նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Լիբանանի մէջ եւրոպական երկիրները եւ տեղահանուածներու թղթածրարով շահագրգռուած երկիրները ներկայացնող 19 դեսպաններու, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամներուն:

Նիստէն ետք Ալամէ յայտնեց, որ այս հանդիպումին նպատակն էր դեսպաններուն հետ կիսել այն տեղեկութիւնները, որոնք կարելի եղաւ ապահովել տեղահանուածներու հարցով ներքաշուած նախարարներուն, ինչպէս նաեւ կառոյցներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին:

Ալամէ նշեց, որ այդ տեղեկութիւնները հաւաքելու աշխատանքը տեւեց վեց ամիս: Ան այս իմաստով շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին, անոր գաղտնի սպասարկութեան, ապահովութեան կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան:

Ալամէ դիտել տուաւ, որ յանձնախումբը ներկայ 19 դեսպաններուն ներկայացուցած է իր մօտ գտնուող տեղեկութիւններն ու թիւերը, ինչպէս նաեւ անոնց բացատրած է Լիբանանի մէջ տեղահանուածներուն ներկայութեան ունեցած հետեւանքները լիբանանեան տնտեսական, ընկերային, առողջապահական եւ ապահովական իրավիճակին վրայ:

«Ներկայացուցինք նաեւ այն տուեալները, զորս ունէինք տեղահանուածներուն գաղթակայաններուն եւ հոն տիրող կացութեան մասին: Միաժամանակ դեսպաններուն յայտնեցինք մեր փափաքը` իրենց հետ քննարկելու այն գործիքակազմերը, որոնք կը դիւրացնեն եւ կ՛արագացնեն սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը, որ իրենց իրաւունքն է, եւ որուն գործադրութեան համար պէտք է արագ քայլերու դիմենք բոլորս գործակցաբար», հաստատեց Ալամէ:

Ան նշեց, որ դեսպաններուն հետ համաձայնութիւն գոյացած է, որ այս հանդիպումը վերջինը չըլլայ` աւելցնելով, որ յանձնախումբը հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ տեղահանուածներուն կեցութեան դրութեան զօրակցող ՄԱԿ-ի եւ այլ հաստատութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ, որմէ ետք յանձնառութիւններով հանդէս պիտի գայ եւ զանոնք պիտի ներկայացնէ խորհրդարանի նախագահին ու վարչապետի պաշտօնակատարին:

«Այս հարցը գերզգայուն է եւ լիբանանցիներու համախոհութիւնը կը վայելէ, հետեւաբար կը յուսանք հասնիլ այնպիսի կացութեան, ուր անոնք համոզուին 8-10 տարի առաջ տիրող մտայնութենէն տարբեր հայեացքով դիտել Լիբանանի համար այս հարցին ներկայացուցած կարեւորութիւնն ու գերզգայնութիւնը», շեշտեց Ալամէ:

Ան ընդգծեց, որ իրենք յոյս ունին այդ թղթածրարը մինչեւ վերջ հետապնդելու, որովհետեւ անոր անհրաժեշտութիւնը զգալի է` նկատի ունենալով Լիբանանի ապրած տնտեսական դժուար պայմանները:

«Կը կարծեմ, որ այս քայլը յանձնախումբին կողմէ առնուած դրական քայլ մըն է, պայմանով որ անիկա շարունակուի մօտիկ ապագային կատարուելիք այլ հանդիպումներով», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Պու Հապիպի

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ. Պըրրի Ընդունեց Լիբանանցի Գրողներու Համադաշնակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.