Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Կը Փափաքինք Ունենալ Քաջ Նախագահ Մը, Որ Սպառնալիքի Չ՛ենթարկուիր»

January 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի յատուկ հետազօտութիւններու եւ արխիւային աշխատանքի խորհրդակցական կեդրոնի հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Հըզպալլա կը հաւատայ, որ նուաճումները կ՛արձանագրուին հաւաքական ճիգերով:

Այս շրջագիծին մէջ ան բարձր գնահատեց կեդրոնին մէջ երեք տասնամեակ շարունակ պատասխանատուութիւն ստանձնած բոլոր անհատները` հաստատելով, որ Հըզպալլա իր գործունէութեան առաջին իսկ օրէն գիտական եւ արհեստավարժ կերպով կ՛աշխատի:

Ան հաստատեց, որ այս կեդրոնը կը շարունակէ մնալ գործունեայ եւ իսկական նեցուկը` կուսակցութեան ղեկավար խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի աշխատած տարբեր թղթածրարներուն համար: «Անիկա այն կեդրոնն է, որ մեզի կը տրամադրէ օրինական, ելեւմտական, դրամական, վարչական, քաղաքական եւ ռազմավարական մակարդակի ուսումնասիրութիւններ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց նաեւ, որ այս կեդրոնն է, որ իր հետազօտութիւններով, ուսումնասիրութիւններով, քննարկումներով եւ դիտողութիւններով նեցուկ կը կանգնի եւ կը զօրակցի նաեւ Հըզպալլայի երեսփոխանական պլոքին` Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքին:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ երկրին մէջ տիրող տնտեսական իրավիճակին` հաստատելով, որ ոչ ոք կ՛անդրադառնայ այն իրականութեան, որ Լիբանանի մէջ դժուար կացութեան կողքին աշխարհի վրայ կան շարք մը երկիրներ, որոնք փուլ գալու եւ քանդուելու սպառնալիքի տակ կը գտնուին:

Ան հաստատեց այս առումով, որ պէտք չէ յուսալքուիլ` հակառակ այն իրականութեան, որ երկրին մէջ յուսալքումի տարաձայնութիւններ շրջանառութեան մէջ են, եւ ասիկա շատ վտանգաւոր է: «Ամէնէն կարեւորը յոյսին կառչած մնալն է եւ բոլորը` պետութիւն, ժողովուրդ եւ հասարակութիւն պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ կարելի չէ անցնող տարիներուն նման հարուածներ ստացողի ու լուռ մնացողի դերակատարութեան մէջ ըլլալ, այլ` պէտք է տնտեսական իրավիճակը բարելաւելու մասին տեսակէտներ ունենալ, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել տիրող տագնապը:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ փտածութիւնը վաղուց բոյն դրած է պետական համակարգին մէջ` աւելցնելով, որ տագնապին հիմնական դրդապատճառը 90-ականներու տնտեսական սխալ տեսութիւններուն վրայ հիմնուելու, ինչպէս նաեւ տնտեսական փտած քաղաքականութիւններն են: «Մենք միշտ ալ զգուշացուցած ենք պետութեան կողմէ վերցուած վարկերէն, սակայն ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ ոմանք կը փորձեն երկրին արտադրութիւնները հարուածել», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ցաւ յայտնեց, որ մարդիկ չեն հաւատար, թէ շրջափակում գոյութիւն ունի, այլ` կը հաւատան, որ շրջափակումը միայն լիբանանեան ծովափին հասած մարտանաւերով չէ որ կ՛ըլլայ, «այլ կը բաւարարուի լիբանանեան պետութեան նկատմամբ ամերիկեան վարչակազմին որդեգրած վերաբերումով», յայտնեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանան կարիք ունի հզօր պետութեան մը, որ պատժամիջոցներուն չ՛ենթարկուիր:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը պէտք է հիմնել սննդեղէնի ապահովութեան վրայ` երկիրը հեռու պահելով արտաքին օժանդակութիւններէն:

Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է Լիբանանի արդիւնաբերական ոլորտները զարգացնել, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ վերահաստատել Լիբանանի առաջնութիւնը հիմնական երեք մարզերու մէջ` հիւանդանոցներ, զբօսաշրջութիւն եւ համալսարաններ:

«Մենք ներքին ապահովական կայունութիւն ունինք, եւ անիկա շատ աւելի լաւ կը նկատուի, քան` Միացեալ Նահանգներու ներքին ապահովական իրավիճակը, շնորհիւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն: Լիբանանի մէջ չկան քաղաքական ուժեր, որոնք քաղաքացիական պատերազմ կը փափաքին, բացի քիչերը», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի հզօր պետութեան մը, որուն մաս կազմող պատասխանատուները ճնշումներու չեն ենթարկուիր, «այս է գերիշխան որոշումի տէր ըլլալը: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք պատժամիջոցներուն ընդդիմանալու եւ նուիրատուութիւնները ընդունելու: Պէտք է յանդգնութիւն ունենանք չինացիին ըսելու` հրամմէ՛, համաձայն ենք տրամադրելիք նուիրատուութիւնդ ընդունելու», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց նաեւ համարձակութեամբ վարուելու սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հետ` զայն դուրս բերելով ցեղապաշտական ամբաստանութիւններէն, որովհետեւ ատիկա տագնապ մըն է, որ կ՛ազդէ բոլոր լիբանանցիներուն վրայ, եւ մենք կրնանք տեղահանուածներուն համար լուծումներ առաջադրել:

Ան նկատել տուաւ, որ յառաջիկայ վեց տարիները Լիբանանի համար ճակատագրական են` աւելցնելով, որ եթէ այս ձեւով շարունակուի, ապա երկիրը կ՛ուղղուի դէպի քայքայում:

«Կը փափաքինք ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որուն ուղղութեամբ եթէ ամերիկացիները փչեն` Պաապտայի պալատէն Միջերկրական ծով չի թռչիր: Կ՛ուզենք ունենալ քաջ նախագահ մը, որ պատրաստ չէ զիջումներու եւ ամերիկացիներու սպառնալիքներուն չ՛ենթարկուիր: Մենք կը փափաքինք նաեւ այս յատկանիշներով կառավարութիւն մը ունենալ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա` եզրափակելով, որ երկրին մէջ այն ուժերը, որոնք իրենք զիրենք գերիշխան կը կոչեն, լաւ գիտեն ամերիկեան միջամտութիւններուն մասին եւ գերեզմանային լռութեամբ կը մօտենան այդ իրականութեան:

 

 

Նախորդը

Բանակին Եւ Իսրայէլեան Ուժերուն Միջեւ Պատրաստ Վիճակ` Մթըլլէի Մօտակայքը

Յաջորդը

Միքաթի Նախագահեց Պետական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Պահանջներուն Վերաբերող Ժողովի Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.