Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի ԺԱ. Նիստը Դարձեալ Ձախողեցաւ Հանրապետութեան Նոր Նախագահը Ընտրել

Յունուար 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական ընտրութեան նոյն տհաճ թատրոնը 11-րդ անգամ ըլլալով դիտելու պատրաստ քաղաքացին, երբ երէկ կը պատրաստուէր հետեւիլ այդ թատրերգութեան նորութիւններուն, վկայեց այլ իրականութեան մը, որ Լիբանանի սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը հասաւ 50.000 լ. ոսկիի:

Վայրկեաններ ետք` ժամը 11:00-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահեց նախագահական ընտրութեան ԺԱ. նիստին, որ դարձեալ ձախողեցաւ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել:

Խորհրդարան ներկայացած եւ ընտրութեան նիստին մասնակցած 110 երեսփոխաններուն քուէարկութեան պատկերը եղաւ հետեւեալը. Միշել Մուաուատ` 34 քուէ, 37 սպիտակ քուէ, Լուպնան Ժատիտ` 14 քուէ, Իսամ Խալիֆէ` 7 քուէ, Զիատ Պարուտ` 2 քուէ, Սալահ Հընէյն` 1 քուէ, Միլետ Ապու Մելհեպ` 1 քուէ եւ չեղեալ նկատուած 15 քուէ:

Նիստէն ետք փոփոխութեան երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ յայտնեց, որ ինք եւ փոփոխութեան երեսփոխան Նաժաթ Սալիպա պիտի կատարեն բողոքի նստացոյց մը եւ խորհրդարանին մէջ պիտի մնան` մինչեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Երեսփոխան Սինթիա Զարազիր իր կարգին միացաւ երկու երեսփոխաններուն:

Նշենք, որ նիստին սկիզբը խորհրդարանը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի եւ նախկին երեսփոխաններ Ժաք Չուխատարեանի եւ Ժամիլ Շամմասի մահուան յիշատակը:

Նախքան քուէարկութեան սկսիլը, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ ներկայ անել կացութեան լոյսին տակ եւ ազգային երկխօսութեան չգոյութեան պարագային, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը կրնայ առկախել նախագահի ընտրութեան յառաջիկայ նիստերուն իր մասնակցութիւնը:

Նիստէն ետք երեսփոխան Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերը ձախողցնելու եւ երկրին իշխելու փորձերուն դէմ պիտի պայքարին:

Նաւահանգիստի Պայթումի
Զոհերուն Հարազատները Կը Բողոքեն

Նշենք, որ խորհրդարանի գումարած նիստին զուգահեռ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները գործադրեցին բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին պահանջեցին այդ հարցով հետաքննութիւնը վերսկսիլ:

Այս շրջագիծին մէջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար

հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ ինք անձնատուր պիտի չըլլայ եւ պիտի չենթարկուի երկրին կայունութիւնը խանգարել եւ Դատական իշխանութիւնները արգելակել փորձողներու կամքին:

Միւս կողմէ, նաւահանգիստի պայթումին հարցով ձերբակալուածներու ընտանիքները բողոքի այլ նստացոյց մը կատարեցին Պէյրութի Արդարութեան պալատին դիմաց, ուր անոնք հաստատեցին, որ իրենք գործ ունին Դատական այնպիսի իշխանութիւններու հետ, որոնք կը վախնան հանրային կարծիքէն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքներէն, որոնց ցաւը կը կիսենք եւ անոնց կը զօրակցինք:

Անոնք կոչ ուղղեցին Դատական իշխանութիւններուն արդար վարուելու եւ իրենց զաւակները ազատ արձակելու, որովհետեւ անոնք վերածուած են քաղաքական բախումներու զոհերու:

Լիբանանի Վերաբերող Յատուկ Խորհրդաժողո՞վ

Այստեղ կարեւոր է նշել, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն կատարած է շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են Լիբանանի հարցերուն:

Կը նախատեսուի, որ այդ խորհրդաժողովը կատարուի «Զում» յաւելուածի ընդմէջէն, երկուշաբթի, 23 յունուար 2023-ին:

Այդ խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը:

Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Կրիօ Այն Թինէէն մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Կրիօ այցելեց նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն փոխանցեց Փարիզի մէջ նախագահ Մաքրոնի հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:

Վարչապետարանէն մեկնումի պահուն Կրիօ յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան համար Ֆրանսա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բոլոր գործընկերներուն հետ լուծումի մը յանգելու:

 

 

Նախորդը

Միքաթի Նախագահեց Պետական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Պահանջներուն Վերաբերող Ժողովի Մը

Յաջորդը

Բագրատունի Պահանջեց Պաշտօնական Պէյրութի Կեցուածքը` Բերձորի Միջանցքի Հարցով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?