Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարութիւն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան այցելեցին պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմի, որուն հետ քննարկեցին երկրի ապահովութեան հետ կապուած խնդիրներ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ նախագահական ընտրութեանց խնդիրին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նիստերու հարցին: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը բարձր գնահատեց բանակի եւ ընդհանրապէս զինեալ ուժերու դերակատարութիւնը երկրի տագնապալի այս օրերուն եւ այն զոհողութիւնները, որոնք յանձն առած են...




















