Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ 62 Միլիոն Տոլարի Յատկացում Մը Փոխանցելու Ելեկտրականութեան Մարզին

January 19, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին:

Հակառակ նիստին հակասահմանադրական ըլլալու իրողութեան, կառավարութիւնը յատկացումներ կատարեց ելեկտրականութեան մարզին:

Նիստէն ետք արտասանած իր խօսքին մէջ Միքաթի յայտնեց, որ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ, որ կառավարութեան նիստերը այս կամ այն քաղաքական ուժին հետ հակադրուելու նպատակով չեն կատարուիր, ինչպէս նաեւ չեն միտիր լիբանանեան քաղաքական կեանքը երկփեղկումի ենթարկել:

«Մենք բառին բուն իմաստով քաղաքացիին ծառայելու նպատակով կը գումարենք մեր նիստերը, իսկ ես յանձնառու եմ նախարարաց խորհուրդի միասնականութեան:

«Կ՛ուզեմ հաստատել, որ աշխատանքն ու համագործակցութիւնը հեզասահ էին, որովհետեւ բոլորը համաձայնեցան որոշուած օրակարգի կէտերուն, որոնցմէ կարեւորագոյնը ելեկտրականութեան թղթածրարը, քննարկել` առանց լքելու ժողովը», ըսաւ ան:

Միքաթի նշեց, որ այս նիստին ընթացքին իրենք սկսած են լուծման նախաքայլին` ելեկտրականութեան մարզին առումով, եւ աւելցուց, որ ելեկտրականութեան հարցը լուծելով լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերուն 50 առ հարիւրը լուծած կ՛ըլլանք:

Ան յայտնեց, որ իրենք համաձայնած են 62 միլիոն տոլարի յատկացում մը փոխանցելու ելեկտրականութեան մարզին, ինչպէս նաեւ 54 միլիոն տոլար` այդ մարզին նորոգութեան աշխատանքներուն:

Միքաթի յայտնեց, որ տակաւին կան այլ հարցեր, որոնց լուծման համար կարիքը կայ 300 միլիոն տոլարի` աւելցնելով, որ այդ հարցերուն լուծումը քայլ առ քայլ պիտի ապահովուի:

Ան նկատել տուաւ, որ շտապ թղթածրարներ քննարկելու նպատակով կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի գումարէ այլ ժողով մը` հաստատելով, որ իրենք այս ժողովները կը գումարեն մեկնելով իրենց ստանձնած պատասխանատուութենէն եւ Լիբանանի դիմագրաւած գոյութենական տագնապներէն:

«Իբրեւ վարչապետ եւ նախարարներ պէտք է զգանք լիբանանցիներուն կարիքները եւ հեռու մնալով անձնական նպատակներ հետապնդող տարակարծութիւններէն, սահմանադրութեան համաձայն գործենք Լիբանանի գոյութեան սպառնացող վտանգներուն դէմ: Ազգային ուխտին, համագործակցութեան եւ սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքին յարիր է, որ բոլորը ստանձնեն իրենց ազգային պատասխանատուութիւնը եւ համախոհութիւն գոյացնեն լիբանանցիները համախմբող հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ», հաստատեց ան:

Նշենք, որ խորհրդարանը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի գումարէ նախագահական ընտրութեան նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ. Պըրրի Ընդունեց Լիբանանցի Գրողներու Համադաշնակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Իսլամ Սիւննի Եւ Շիի Կրօնականներու Համախմբումի Խորհուրդը` Վեհափառ Հայրապետին Մօտ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.