Շուէտի մէջ Քորանի հրկիզումը պատճառ դարձաւ, որ Լիբանանի մէջ այդ արարքին դէմ դատապարտումի հսկայ ալիք մը բարձրանայ:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դատապարտեց Քորանի հրկիզումը` հաստատելով, որ այդ արարքը ատելութենէ կը բխի եւ աշխարհի բոլոր իսլամներուն համար ընդվզեցուցիչ քայլ մըն է:
Միւֆթի Տըրիան շեշտեց, որ այդ քայլը իսլամականութեան դէմ գործուած յարձակում է եւ կոչ ուղղեց հաշուետուութեան կանչելու խնդրոյ առարկայ յանցագործն ու բոլոր անոնք, որոնք իսլամականութեան ու Քորանին դէմ կը յարձակին:
Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ պէտք է պատժել Քորանը հրկիզողը, որպէսզի ուրիշներ եւս չյանդգնին նման արարքներ գործել:
Տըրիան ընդգծեց, որ ասիկա սատանայական եւ ոճրային արարք մըն է, որ մարդկային ու բարոյական վարուելակերպի հետ ոչ մէկ ձեւով առնչուած է:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահի տեղեկատուական գրասենեակը խստիւ դատապարտեց Սթոքհոլմի մէջ Քորանի հրկիզումը` հաստատելով, որ շուէտական իշխանութիւններուն դերակատարութիւնը եւս դատապարտելի է, որովհետեւ անոնք արտօնած են, որ նման արարք մը գործուի:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խստիւ դատապարտեց շուէտական իշխանութիւններուն արտօնութիւնը, որ շուէտական քաղաքացիութիւն կրող դանիացի աջակողմեան քաղաքական գործիչ Ռասմուս Փալուտան թրքական դեսպանատան դիմաց հրկիզէ Քորանը:
Պըրրի շեշտեց, որ ատելութեան նման արարք մը յարձակում կը նկատուի աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող աւելի քան մէկուկէս միլիառ իսլամներուն վրայ:
Պըրրի շեշտեց, որ նման արարքներու դիմաց լուռ մնալը եւ պատճառաբանելը, թէ Շուէտի մէջ խօսքի ազատութիւն կայ, առիթ կու տայ, որ ատելութեան ոճը ինքզինք ամրապնդէ եւ դէպի տգիտութեան ժամանակաշրջան վերադարձ կը կատարուի:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի խստիւ դատապարտեց Շուէտի մէջ Քորանի հրկիզումը` հաստատելով, որ անիկա յարձակում է իսլամութեան եւ անոր մարմնաւորած վեհ արժէքներուն ու չափաւորական գաղափարներուն վրայ:
Միքաթի հաստատեց, որ ատելութեան նման արարքներ իսլամական կրօնը պիտի չարժեզրկեն:
Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէ, թէ Սթոքհոլմի մէջ Քորան հրկիզելու արարքին ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրեն շուէտական կառավարութիւնն ու իշխանութիւնները:
Հաղորդագրութիւնը խստիւ դատապարտեց Մոհամետ մարգարէին դէմ կատարուած այս արարքը` նկատել տալով, որ անիկա կը պղծէ նաեւ իսլամներուն պատկանող սրբութիւն մը եւ անոնց խորհրդանիշը:


