Թէեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կը հաստատեն, որ նախագահական ընտրութիւնը կը մնայ առաջնահերթ թղթածրար` լուծելու համար երկրին նախ քաղաքական, ապա տնտեսական եւ ընկերային տագնապները, սակայն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար ոչ ոք կը գործէ:
Հետեւաբար այդ ընտրութիւնը միայն խօսքով կը մնայ առաջնահերթ:
Այս ծիրին մէջ փոփոխութեան երեսփոխաններ կը շարունակեն խորհրդարանին մէջ իրենց նստացոյցը` հաստատելով այդ մէկը կատարելու իրենց սահմանադրական իրաւունքը:
Ժողովրդահաճոյ այս արարքները արդէն չեն զարմացներ լիբանանցիները, որոնք հինգշաբթի օրուան թատրոնէն բացի սկսած են նոյնքան պժգալով հետեւիլ խորհրդարանին մէջ գիշերող երեսփոխաններուն ինքնութեան:
Այս շրջագիծին մէջ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը մտածեն, թէ կրնան առեւանգել Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութիւնը եւ զայն պատանդ բռնել:
Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Լիբանանի երեսփոխաններն ու նախարարները Լիբանանի ճակատին դրոշմուած ամօթի նոր խարան մըն են` ՄԱԿ-ի անդամակցութեան երկրին նիւթական պարտաւորութիւնները չկատարելու իրենց որդեգրած մերժելի վարուելակերպին պատճառով:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց նաեւ, որ երկրին քաղաքական անձնաւորութիւններն են ստեղծուած տնտեսական այս տագնապին հեղինակները` աւելցնելով, որ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 50.000 լ. ոսկին անցած է, իսկ պենզինի թիթեղին սակը մօտեցած է մէկ միլիոն լ. ոսկիի: Ան հարց տուաւ, թէ նման սղաճի ընթացքին լիբանանցին ինչպէ՞ս պիտի ապրի:
Իր կարգին, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը իր արտասանած կիրակի օրուան քարոզին մէջ յոյս յայտնեց, որ աւելի մեծ թիւով երեսփոխաններ միանան խորհրդարանին մէջ նստացոյց յայտարարած իրենց գործընկերներուն` պահանջելով նախագահական ընտրութիւն կատարելու օրակարգի գործադրութիւնը:
Այս բոլորէն բացի նշենք, որ տեղեկատուական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս պիտի կազմեն Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա, այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին պիտի այցելեն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շելուհիի կեդրոնին մէջ:


