ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 50.900 լ. ոսկի է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թարաֆ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը սուրիացի տեղահանուածներու վերադարձին դէմ չէ` աւելցնելով սակայն, որ այդ վերադարձը պիտի չիրականանայ, բացի երբ յարմար պայմաններ կարելի ըլլայ ապահովել:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ, անդրադառնալով ելեւմտական հարցերու, յատկապէս փտածութեան եւ դրամի լուացումի շուրջ եւրոպական դատական պատուիրակութեան կատարած հետաքննութիւններու առաջին փուլին, յայտնեց, որ այդ հետաքննութիւնները դրական են, եւ անոնց հիման վրայ Լիբանանի հետ հետագայի գործակցութիւն կրնայ ծաւալիլ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակի ջոկատ մը ներխուժած է Պրիթել գիւղաքաղաքը, ուր ձերբակալած է երկու յանցագործներ, ինչպէս նաեւ գրաւած է գողցուած երկու ինքնաշարժներ եւ երկու մոթորսիքլեթներ, ինչպէս նաեւ այլ իրեր, զանոնք փոխադրելով զինուորական կեդրոններէն մէկը: Բանակի շրջուն ջոկատներէն մէկը Պաալպեքի Քնայսէ գիւղաքաղաքին մէջ կատարած է ներխուժում մը, որուն պատճառով զինեալ բախումներ արձանագրուած են, եւ պահանջուած յանցագործներէն երեքը վիրաւորուած են: Բանակը ձերբակալած է զանոնք եւ գրաւած անոնց մօտ գտնուող գնդացիրները, զինամթերքն ու թմրեցուցիչը:
Միւս կողմէ, բանակը Հունինի հովիտին մօտ գտնուող փշաթելերով շրջապատուած սահմանին մօտ պատրաստ վիճակ որդեգրած է` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան քարշակներ խախտած էին սահմանային Կապոյտ գիծը:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ նահանգապետ Մարուան Ապպուտ հրապարակեց յայտարարութիւն մը Ժմմեյզէ-Մար Մխայել շրջանին մէջ գտնուող բոլոր այն գիշերային զբօսավայրերուն վերաբերեալ, որոնք տանիքներուն վրայ կը գտնուին եւ ձայնային սարքաւորումներ զետեղած են, 15 օրէն անջատելու այդ սարքաւորումները եւ վերջ տալու շրջանին մէջ իրենց պատճառած աղմուկին: Ապպուտ շեշտեց, որ այս որոշումին չենթարկուելու պարագային Պէյրութի քաղաքապետութեան ոստիկանութիւնը պիտի հետապնդէ չենթարկուող սեփականատէրերը եւ օրինական իրաւունքով փակէ անոնց զբօսավայրերը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերուն համաձայն, Քֆարտըպիան-Հատաս Պաալպեք, Այնաթա-Արզ եւ Աքուրա-Հատաս Պաալպեք ճամբաները փակ են` տեղացած առատ ձիւնին պատճառով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս շեշտեց, որ 128 երեսփոխաններու միջեւ երկխօսութիւն կատարելու ոմանց պահանջները ապարդիւն դուրս պիտի գան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ իրենք պիտի ընդդիմանան Լիբանանի քաղաքացիական խաղաղութիւնը եւ ազգային միասնականութիւնը խախտող որեւէ փորձի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի պալատին մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց ներկայութեան յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է նախաձեռնեն նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը աշխուժացնելու: «Մեր պլոքին ճիգերը ուղղուած են նախագահական ընտրութեան թղթածրարին հարցը լուծելու, որպէսզի երկիրը դուրս գայ մութ փապուղիէն, եւ սահմանադրական հաստատութիւնները սկսին գործել` հակակշռելու համար տնտեսական եւ ընկերային տագնապները», ըսաւ ան: Ժոմպլաթ ընդգծեց նաեւ երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին հաստատեց, որ երկխօսութիւնը ստիպողական անցք մըն է հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Լիբանանի տնտեսական ու ելեւմտական տագնապին լուծումը կը սկսի, երբ եւրոպական երկիրներու ժողովուրդներուն վրայ ճնշում կը բանեցուի` բացայայտելու դէպի իրենց երկիրները փախցուած գումարներն ու իրենց դրամատուներուն մէջ գտնուող այդ «փտած ապրանքը»:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ Իսրայէլ օր մը օրանց յանձնառու չէ մնացած միջազգային որոշումներուն ու ուխտերուն եւ օրական դրութեամբ շարունակած է ու կը շարունակէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր գործած օդային, ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութիւնները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ երկրին մէջ կայ քաղաքական ուժ մը, որուն ծրագիրն է լիբանանեան կառուցուածքին, ինքնութեան, տարազներուն եւ ներքին լիբանանեան ու ազգային հաւասարակշռութիւններուն դէմ յեղաշրջում գործել: