Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ուժեր. «Հըզպալլա Անդամալուծած Է Պետութիւնը Եւ Քանդած Երկխօսութեան Բոլոր Կարելիութիւնները»

January 23, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ կուսակցութեան համար զարմանալի է, որ լիբանանեան պետութիւնը անդամալուծած եւ երկխօսութեան բոլոր կարելիութիւնները քանդած Հըզպալլան զինք անուանէ յեղաշրջում յառաջացնել փորձող քաղաքական ուժ մը` յանձին շէյխ Նեպիլ Քաուքի բառերով ըսուած:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Հըզպալլան է, որ ամէնէն աւելի քանդած է երկրին պետութիւնն ու կառուցուածքը եւ թուլցուցած անոր պետական հիմքերը, ինչպէս նաեւ ջրած համաձայնութիւններ գոյացնելու բոլոր հաւանականութիւնները:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Հըզպալլա կը գործէ իբրեւ Լիբանանի մենատէրը` աւելցնելով, որ կան ներքին հաւասարակշռութիւններ, որոնք խախտուած են նաեւ Հըզպալլայի կողմէ, յատկապէս նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ լրագրող Լոքման Սլիմի սպանութեամբ, ինչպէս նաեւ 7 մայիս 2008-ին մայրաքաղաք Պէյրութի շրջափակումով:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հըզպալլա պատճառ դարձած է Լիբանանը մահաքունի ենթարկելու, ինչպէս նաեւ հարուածած է ներքին լիբանանեան երկխօսութիւն կատարելու հաւանականութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը իբրեւ եզրափակում կը նշէ, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը առիթ պիտի չտայ Հըզպալլային, որ ան շարունակէ երկրին գերիշխանական որոշումները իր մենաշնորհին վերածել:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ Ֆատի Պուտիէի կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանանեան ուժերը ունին իրենց ռազմական կեդրոնները Լիբանանի տարածքին եւ Յորդանանի մէջ, ուր անոնք կ՛ենթարկուին մարզումներու:

Նշենք, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերուն դիմաց քաղաքական բոլոր ընտրանքները առկայ են` Լիբանանը ազատագրելու Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն տիրապետութենէն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պատասխանէ Իր Դէմ Հրապարակուած Տեղեկագիրներու

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.