Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսական Ու Ապրուստի Կենցաղային Աննպաստ Պայմաններու Լոյսին Տակ. Զգուշացումներ Ժողովրդային Անխուսափելի Պոռթկումէ` Լիբանանի Մէջ

January 21, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պատմութեան մէջ նախընթաց մը կազմելով, ամերիկեան տոլարին գինը երէկ` ուրբաթ, 20 յունուար 2023-ին շրջանցեց յիսուն հազար լիբանանեան ոսկիի սահմանը, իրարանցումի մատնելով միաժամանակ լումայափոխները, վաճառականներն ու իրենց օրապահիկով մտահոգ քաղաքացիները:

Դէտեր ու մեկնաբաններ զգուշացուցին ժողովրդային անխուսափելի պոռթկումի վտանգէն Լիբանանի մէջ, աննպաստ պայմաններու շարունակման պարագային: Ու իրապէս քաղաքացիները չդիմանալով ստեղծուած կացութեան եւ անոր հետեւանքներու ծանրութեան սպառնալիքի մտավախութեան` փութացին «փողոց խուժել» իրենց զայրոյթն ու ընդվզումը արտայայտելով: Արդարեւ, լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ տնտեսական թէ ապրուստի անկայունութեան, շփոթի ու ընդվզումի մթնոլորտը առաւել եւս սաստկացաւ, եւ բազմաթիւ ցուցարարներ բողոքի ելոյթով փակեցին մայրուղիներ ու բանուկ ճամբաներ` հիւսիսային Լիբանանի, Թրիփոլիի, Պաալպեքի, Սայտայի եւ այլ շրջաններու մէջ: Քաղաքացիներու մտավախութիւնները առաւել սաստկացան լրատուական կարգ մը աղբիւրներու տեղեկութեանց լոյսին տակ, ըստ որոնց` ներկայ պայմաններուն շարունակումով ու գործնական լուծումներու բացակայութեան ամերիկեան տոլարի սակագինի «թռիչքը» կրնայ շարունակուիլ` հասնելով մինչեւ հարիւր հազար լիբ. ոսկիի սահմանը, նախքան ընթացիկ տարեվերջ:

Փաստօրէն սղաճը հասած է 171,20 առ հարիւր համեմատութեան, ինչպէս յայտարարեց Կեդրոնական վիճակագրութեան վարչութեան տնօրէնութիւնը: Նոյն ծիրին մէջ վառելանիւթերու սակերը իրենց կարգին, հետեւելով տոլարի սլացքին, նոյնպէս բարձրացան:

Հանրային վաճառատուներու սենտիքայի նախագահ Նեպիլ Ֆահտ իր կարգին զգուշացուց ներկայ պայմաններու շարունակման պարագային դադրեցնել դրամատնային քարտերով գնումներու կարելիութիւնը:

Երկրի կրթական, աշխատաւորական թէ վարչական զանազան մարզեր գործադուլ յայտարարեցին` բողոքելով տիրող ապրուստի պայմաններուն դէմ:

Նաեւ` Երեսփոխանական Նախընթաց

Իրենց կարգին, Լիբանանի խորհրդարանական պատմութեան մէջ նախընթաց մը կազմելով, երեսփոխաններ Նաժաթ Սալիպա-Աուն եւ Մըլհեմ Խալաֆ երէկ նստացոյց կատարեցին խորհրդարանին մէջ, հինգշաբթիէն ուրբաթի միջեւ «գիշերելով» այդտեղ ու մերժեցին լքել վայրը` խորհրդարանի նախագահէն պահանջելով շարունակել նիստերը մինչեւ Լիբանանի նախագահի ընտրութեան իրագործումը: Անոնց զօրակցեցան այլ երեսփոխաններ, իսկ խումբ մը ցուցարարներ փակեցին մայրաքաղաք Պէյրութի խորհրդարանի մուտքն ու հոն առաջնորդող ճամբաները` կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն միանալու իրենց:

Այսուհանդերձ, լիբանանցի վարիչներ փորձեցին կարելի միջոցներով ընդառաջել քաղաքացիներու տարրական պահանջներուն` կանխելու համար երկիրի յաւելեալ գահավիժումը:

Այս ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ իր այցելուներուն հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր իրավիճակը: Այս գծով ան հրաւիրեց հինգշաբթի, 26 յունուարին խորհրդարանական կարգ մը առնչակից յանձնախումբերու ժողովի` քննելու համար քաղաքացիներու ապրուստի տարրական կարիքներուն գծով անհրաժեշտ դասաւորումներու կարելիութիւնը:

Նմանապէս, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ վերջերս իր իսկ դասաւորումով կատարուած Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութեան Քլեմանսոյի իր բնակարանը այցելութենէն ետք, նախանցեալ գիշեր իր բնակարանին մէջ ընդունեց Պէյրութի մարոնի համայնքի նախկին առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որուն հետ քննեց երկրի կացութեան նորագոյն զարգացումները:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ Պայյատայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ուաշինկթընէն եկած Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննեց երկրի ելեւմտական, բարեկարգչական ու Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան հետ միացեալ ծրագիրներու առնչուող հարցեր: Անոնք որոշեցին մօտերս դարձեալ հանդիպիլ` շարունակելու համար առկախ մնացած քննարկումները: Պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին բարեկարգչական քայլերու իրագործումն ու ելեկտրոնային կառավարութեան եւ պետական մարզի վերակառուցման ճիգերը` միաժամանակ շեշտելով հիւանդանոցներու կարիքներու հոգածութեան անհրաժեշտութիւնը:

Իսկ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի «աւետեց», թէ կրթական եւ պետական մարզին համար պիտի որդեգրուի ամերիկեան տոլարի սակագինը «Սայրաֆա»-ի հարթակի գինով գանձել:

Մինչ այդ, կրթական հաստատութիւններու երկրորդական բաժիններու ուսուցիչներ սպառնացին պատկան պատասխանատուներու հետ խորհրդակցութիւններու ձախողութեան պարագային դասադուլի դիմել յառաջիկայ շաբաթ:

Իր կարգին, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ երեք տարբեր շրջաբերականներ հրապարակեց դրամատուներու մէջ պահ դրած գումարներու գանձումի նոր դասաւորումներու` տոլարի, լոլարի եւ յարակից հարցերու գծով: Ըստ այդ շրջաբերականներուն, յառաջիկայ փետրուարի սկիզբէն սկսեալ դրամատուներուն մօտ պահ դրուած գումարներու սեփականատէրեր իրենց գումարը պիտի վերստանան ամերիկեան տոլարի գինը 15 հազար լիբ. ոսկի հաշուարկով, առաւելագոյնը` տարեկան 4600 տոլար գումարով:

 

Նախորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Լուսաբանէ. Լիբանան ՄԱԿ-ի Մօտ Իր Ցենզը Պիտի Հատուցէ Յարմար Պահուն

Յաջորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ. Հայաստանի Մամուլի Դաշտն Ու Հայաստանեան Լրատուութիւնը Դարձան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Սեփականութիւնը

RelatedPosts

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.