Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Իմատ Աշքար, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կրթական մարզը ֆինանսաւորող պետութիւններու դեսպանները, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարաֆ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այն ձեւերն ու միջոցները, որոնք պէտք է որդեգրել` փրկելու համար պետական դպրոցներուն կրթական տարեշրջանը:
Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութիւնը այս իմաստով ճիգ պիտի չխնայէ` աւելցնելով, որ ուսուցիչներուն պահանջները անպատասխան պիտի չմնան:
Իր կարգին, Հալապի շնորհակալութիւն յայտնեց Միքաթիին անոր ջանքերուն համար` հաստատելով, որ կարելի չէ նորահաս սերունդները, յատկապէս անոնք, որոնք անձնական դպրոցներ յաճախելու կարողութիւն չունին, զրկուին կրթութենէ:
Հալապի հաստատեց, որ կացութիւնը բաւական վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ պէտք է անպայման վերաբանալ դպրոցները եւ առիթ տալ, որ միջազգային օժանդակութիւնները օգտագործուին` զօրակցելու համար ուսուցիչներուն:
Ժողովին ներկայ դեսպանները խոստացան յանձնառու մնալ պետական դպրոցներուն օժանդակելու:
Հալապի յոյս յայտնեց, որ պետական դպրոցներու վերաբացման գծով աշխատանքները արդիւնաւորուին յառաջիկայ շաբաթասկիզբին:
Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մոհամետ Իմամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Իմամ մաղթեց, որ նախագահական ընտրութեան պարագային ստեղծուած դատարկութեան փուլին համար կարելի ըլլայ ուրախ աւարտի մը յանգիլ:
Միքաթի ընդունեց նաեւ երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որ կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն վերջ տալու գրգռութիւններու կրակին եւ ոչ թէ անոր վրայ ձէթ լեցնելու: