Պու Հապիպ. «Ժամանակն Է Արդէն Մշակելու Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Եւ Արժանապատիւ Տունդարձի Ընթացագիծը»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ «Մաքասետ»-ի շրջանաւարտներու միութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ հակառակ իր դիմագրաւած բոլոր մարտահրաւէրներուն, Լիբանան կրցաւ բացառիկ եւ իր արժէքներուն յարիր կեցուածք մը որդեգրել` Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին սկիզբը, երբ ան բացայայտ կերպով դատապարտեց այդ երկրին դէմ գործուած յարձակումն ու բռնարարքները: «Այդ կեցուածքը Ռուսիոյ նկատմամբ թշնամանք չէր` նկատի ունենալով, որ...




















