Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապուլ Ղէյթ Հանդիպումներ Ունեցաւ Իշխանութեան Պետերուն Հետ

Մարտ 15, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ` ընկերակցութեամբ իր օգնականին` Հուսամ Զաքիի, երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ պիտի ունենայ` աւելցնելով, որ հարցը ժամանակի հարց է, եւ պէտք է արագացնել այդ քայլը, որովհետեւ տիրող կացութիւնը բաւական վտանգաւոր է:

Ապուլ Ղէյթ այցելեց նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ կատարուած քննարկումներուն ընթացքին յայտնեց, որ Արաբական լիկայի վեհաժողովը պիտի գումարուի յառաջիկայ մայիսին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ:

Ապուլ Ղէյթ ընդգծեց, որ Արաբական լիկայի վեհաժողովին քննարկելիք հիմնական հարցը պիտի ըլլայ տնտեսական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբական կարիքաւոր երկիրներուն օժանդակելու կարելիութիւնները:

Ապուլ Ղէյթ հաստատեց, որ սէուտական-չինական-իրանեան վեհաժողովը շատ դրական եղած է եւ նպաստած Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութեան: Ան աւելցուց սակայն, որ սէուտական-իրանեան համաձայնութեան ազդեցութիւնը` շրջանի այլ երկիրներուն վրայ, տակաւին կը մնայ անյստակ:

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Այս Տարի 500 Միլիոն Տոլար Պիտի Տրամադրենք Լիբանանին, Իսկ Ելեկտրականութեան Մարզը Ֆինանսաւորելու Համար Կան Նախապայմաններ» Շեշտեց Պալհաժ

Յաջորդը

Լիբանանեան Դրամանիշը Աւելի Եւս Կ՛արժեզրկուի` Ուղղուելով Դէպի Խայտառակութիւն

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?