ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 115.000 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ շաբաթ օր հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.990.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 2.038.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.881.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.325.000 լ. ոսկի:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է քայլ մը առաջ առնեն` լուծելու համար այն տագնապը, որ կը սկսի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի քուէյթցի իր պաշտօնակիցէն ստացաւ շնորհակալական հեռագիր մը, որուն մէջ փափաք յայտնուած էր յաւելեալ գործակցութեան եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ հաստատեց, որ իրենք տուած են շարք մը որոշումներ, որոնք չեն գործադրուած` աւելցնելով, որ դժբախտաբար նախագահական դատարկութեան փուլին ընթացքին կարելի չէ լուծումներու յանգիլ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ պէտք չէ արտաքին ուժերու վրայ գրաւ դնել` գործադրելու համար ներքին լիբանանեան գործընթացները: Ան աւելցուց նաեւ, որ տիրող մթնոլորտը կրնայ օժանդակել լիբանանեան տագնապներուն լուծման:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ կան դրական կէտեր, որոնց շարունակութիւնը կարեւոր է` թիւ 9 նաւթահորի հորատումը շարունակելու իմաստով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու յայտնեց, որ սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը բնաւ ի նպաստ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէին պիտի չըլլայ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ հաստատեց, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները աւելի քան անհրաժեշտութիւն են, ինչպէս նաեւ պարտաւորութիւն` ամրապնդելու համար ապակեդրոնացեալ աշխատանքը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ քիչ մը համբերութեամբ կարելի պիտի ըլլայ քաղաքական երկրորդ յաղթանակ մը իրագործել:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ այսօրուան դրութեամբ նախ եւ առաջ պատասխանատուութիւնը այն է, որ երկիրը փրկուի` հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութեամբ:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար հաստատեց, որ սեփական մարզին համար մշակուած բոլոր օրինագիծերը ցարդ չեն գործադրուած` աւելցնելով, որ անոնց գործադրութիւնը ակնկալուած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի Լիբանան վերադարձէն ետք:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Լիբանան իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն չի կրնար դուրս գալ, եթէ չկարենայ ճշդել իր առաջնահերթութիւնները եւ չկայացնէ քաղաքական ճիշդ որոշումներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Չեխիոյ պաշտպանութեան նախարար Եանան Չերնոխովան, որուն հետ քննարկեց երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ. քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:


