Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստին. «Անհրաժեշտ Է, Որ Լիբանանցի Քաղաքական Ղեկավարները Արագացնեն Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը» Շեշտեց Վրոնեցքա

March 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին ներկայացուց թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մասին իր տեղեկագիրը, որ կը ներառէ 3 նոյեմբեր 2022 – 20 փետրուար 2023 ժամանակաշրջանը:

Վրոնեցքա շեշտեց, որ ինք ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի եւ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խմբաւորումին մտահոգութիւնը կը բաժնէ` Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ուշանալուն պատճառով:

«Անհրաժեշտ է, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարները արագացնեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը», հաստատեց Վրոնեցքա:

Ան նկատել տուաւ, որ նախագահական դատարկութեան հնգամսեայ փուլը իր դերակատարութիւնը կ՛ունենայ պետական հաստատութիւններուն անդամալուծման մէջ, մինչդեռ երկիրը խիստ կարիքը ունի կառավարական արագ եւ ազդու քայլերու` դիմագրաւելու համար տնտեսական, ապահովական եւ մարդասիրական մարտահրաւէրները, որոնք կը դիմագրաւուին արդէն իսկ ծանր բեռ մը ունեցող քաղաքացիներուն կողմէ:

Վրոնեցքա անդրադարձաւ նաեւ ժողովուրդը յուզող շարք մը հարցերու, ինչպէս` լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումին, աղքատութեան համեմատութեան բարձրացումին, հիմնական ծառայութիւններուն արձանագրած նահանջին, ինչպէս նաեւ ջուրի, ուժանիւթի, կրթութեան, առողջապահութեան մարզերուն մէջ առկայ վիճակին եւ տիրող ընդհանուր յուսալքումին:

Ան ցաւ յայտնեց, որ բաւարար ճիգ ի գործ չի դրուիր բարեկարգումները գործադրելու իմաստով, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Լիբանանի տնտեսութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ այս կացութեան պատճառով Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի համաձայնագիրը յապաղում արձանագրեց, հետեւաբար ուշացնելով երկրին տնտեսական կայունութիւնը:

Վրոնեցքա ողջունեց քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացնելու նախապատրաստական աշխատանքները` ընդգծելով, որ կառավարութիւնն ու խորհրդարանը պէտք է անհրաժեշտ միջոցներուն դիմեն` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու համար այդ ընտրութիւնները: Ան նշեց նաեւ, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները իրենց կարգին առիթ մը կը նկատուին, որպէսզի լիբանանցի կինը մասնակցի այդ ընտրութիւններուն եւ ներկայացուի քաղաքապետարաններուն մէջ:

Վրոնեցքա բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը, հակառակ անոնց սահմանափակ միջոցներուն: Ան շեշտեց, որ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն կատարուած միջազգային օժանդակութիւնները պէտք է շարունակուին` պաշտպանելու համար երկրին ապահովական անվտանգութիւնը:

«Կ՛ողջունենք նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործակցութիւնը` հարաւային Լիբանանի մէջ, թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան շրջագիծին մէջ», ըսաւ ան:

Վրոնեցքա եւ Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր անդամները վերստին դատապարտեցին Աքիպիէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ զինուորի մը սպանութիւնը` անցեալ դեկտեմբերին, եւ ընդգծեցին, որ յանցագործները պէտք է դատական իշխանութիւններուն յանձնել:

Վրոնեցքա իր խօսքը եզրափակեց  հաստատելով, որ ՄԱԿ կը շարունակէ Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն զօրակցիլ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

ՖԻՆԻՒԼ Կը Հերքէ Լիբանանէն Իսրայէլ Ապօրինի Կերպով Սահմանային Խախտում Գործուած Ըլլալու Մասին Լուրերը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.