Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնին Համար Կ՛առաջարկեմ Շըպլի Մալլաթի Անունը»

March 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Քուէյթ կատարած իր այցելութեան նպատակն էր ներկայ գտնուիլ ընթրիքի մը, որուն ընթացքին Պէյրութի մէջ գտնուող քաղցկեղ ունեցող երեխաներու կեդրոնին համար նուիրահաւաք մը պիտի կատարուէր, եւ այդ նուիրահաւաքին Քուէյթ իր առատաձեռն մասնակցութիւնը բերաւ:

Ան աւելցուց, որ իր այցելութեան ընթացքին առիթը ստեղծուած է նաեւ հանդիպումներ ունենալու Քուէյթի վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ:

Սէուտական-իրանեան համաձայնութեան անդրադառնալով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իսլամական պետութեան հետ յարաբերութիւնները կամրջելու այդ համաձայնութիւնը Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն կողմէ տրուած հմուտ հարուած մըն է, որ նոր յարաբերութիւններ ստեղծելով շրջանը լարուածութենէ եւ հաւանական պատերազմներէ կը փրկէ:

Ժոմպլաթ նշեց, որ լիբանանցիները պէտք է օգտուին այս համաձայնութենէն` աւելցնելով, որ եթէ անոնք իրենց խրամատներուն մէջ մնան, ապա ոչինչ պիտի ստանան: «Սկսելու համար լիբանանցիները պէտք է օգտուին հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն` համախոհութեան տարազով, եւ ոչ` մարտահրաւէրներու: Այս իմաստով հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար կ՛առաջարկեմ Շըպլի Մալլաթի անունը, որովհետեւ ան լիբանանցի նորահաս սերունդներուն համար նոր ապագայ մը կը ներկայացնէ», յայտնեց ան:

Ժոմպլաթ աւելցուց նաեւ, որ Ժիհատ Ազուր նոյնպէս կը ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահի հաւանական անուն մը, որովհետեւ ան կրնայ տնտեսական զարթօնք  իրականացնել:

Ան հաստատեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ երեսփոխան Միշել Մուաուատ կը ներկայացնեն մարտահրաւէր հանդիսացող թեկնածուի տիպարը, «հետեւաբար մենք կը զօրակցինք համախոհական նախագահի մը, որ յստակ յատկանիշներ ունի», աւելցուց ան:

Ժոմպլաթ նկատել տուաւ նաեւ, որ շրջանային մակարդակի վրայ տիրող համախոհական մթնոլորտին առընթեր կարելի չէ մարտահրաւէրներու կառչած մնալ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութեան մասնակցելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ տուաւ հետեւեալ հարցը. «Շրջանին մէջ կայ երկխօսութիւն մը, որ ե՛ւ ինձմէ, ե՛ւ Պըրրիէն աւելի մեծ է. արդեօք այդ երկխօսութենէն պէտք չէ՞ օգտուիլ»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Նախագահական Ընտրութեան Իսկական Հարցը Քուէները Չեն, Այլ Ընտրութեան Մթնոլորտը Ստեղծելու Կարեւորութիւնը» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.