Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Սալամէ. «Հարցաքննութեան Ներկայացայ Իբրեւ Վկայ Եւ Ոչ Իբրեւ Կասկածելի Կամ Ամբաստանեալ»

March 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական դատական յանձնախումբը` ներկայութեամբ Պէյրութի աւագ քննիչ դատախազ Շարպել Ապու Սամրայի, երէկ Պէյրութի Արդարութեան պալատին մէջ շարունակեց հարցաքննել Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն:

Հարցաքննութենէն ետք Սալամէ մեկնեցաւ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնելով, որ հարցաքննութիւնը լաւ ընթացած է:

Հարցաքննութենէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը Սալամէ յայտնեց, որ ինք հարցաքննութեան ներկայացած է առանց իր իրաւաբանին, եւ իբրեւ վկայ ու ոչ իբրեւ կասկածելի կամ ամբաստանեալ:

Ան նշեց, որ ինք ներկայ գտնուած է հարցաքննութեան, որովհետեւ կը յարգէ օրէնքն ու դատաւորները:

Սալամէ ընդգծեց, որ հարցաքննութեան ընթացքին հաստատած է, որ Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս իր ներկայացուցած փաստաթուղթերն ու ապացոյցները ճշգրիտ են, եւ անոնց մասին մանրամասն բացատրութիւն ներկայացուցած է:

Ան բացայայտ կերպով ներկայացուցած է նաեւ իր անձնական հաշիւէն կատարած նիւթական փոխանցումները` շեշտելով, որ իր անձնական գումարները Կեդրոնական դրամատան հաշիւներուն հետ ոչ մէկ կապ ունին:

Սալամէ նկատել տուաւ, որ երկու տարիէ ի վեր մարդիկ իր դէմ տրամադրուած են եւ չարիք կը ցանկան իրեն, ինչպէս նաեւ կը փափաքին, որ ինք ամբաստանուի:

Ան աւելցուց, որ այս իմաստով իր դէմ լուրջ արշաւ մը սկսաւ, յատկապէս քաղաքայիններուն, լրագրողներուն եւ իրենք զիրենք դատաւոր յորջորջող իրաւաբաններու կողմէ, որոնք իրենց հիւսած հեքիաթներուն հիման վրայ կը փափաքէին դատել զինք եւ իր դէմ վճիռներ արձակել:

«Տուեալ անձնաւորութիւններուն արշաւը հովանաւորեցին կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ` ժողովրդահաճոյ թուելու մարմաջով: Անոնք մոռցան, որ նման քայլեր զիրենք կասկածներէ եւ ամբաստանութիւններէ չեն պաշտպաներ, ինչպէս նաեւ մոռցան, որ հայրենիքը սուտերու հիման վրայ կարելի չէ կառուցել», հաստատեց Սալամէ:

Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ Սալամէ իր ունեցուածքին եւ ինչքերուն մասին լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն փաստաթուղթեր պիտի յանձնէ` իր օրինական իրաւաբանին ճամբով:

Հարցաքննութեան հետեւող վստահելի աղբիւրներ յայտնեցին, որ Սալամէ շատ հանգիստ եղած է հարցաքննութեան ընթացքին եւ պատասխանած 197 հարցումներու, որոնք կը վերաբերէին իր ունեցուածքին, ընկերութիւններուն, ներդրումներուն` առանց անդրադառնալու Լիբանանի դրամատուներուն եւ երկրին ելեւմտական քաղաքականութիւններուն:

Նախորդը

ՖԻՆԻՒԼ Կը Հերքէ Լիբանանէն Իսրայէլ Ապօրինի Կերպով Սահմանային Խախտում Գործուած Ըլլալու Մասին Լուրերը

Յաջորդը

Ընկերային Ցանցերը, Կեղծ Լուրերը Եւ Ապատեղեկատուութիւնը Բացայայտելու Ձեւերն Ու Միջոցները Եղան Ապագայ Լրագրողներուն Երէկուան Հանդիպումին Նիւթերը

RelatedPosts

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի  Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու  Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

October 21, 2026
Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակէն  Կողմերու Եւ Հըզպալլայի Միջեւ  Համակարգում Նշմարեցինք»
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակէն Կողմերու Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Համակարգում Նշմարեցինք»

October 21, 2026
Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին  Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը  Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց
Լիբանանեան

Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.