Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Ընդունեց Իրլանտացի Իր Պաշտօնակիցը Եւ Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Հրաւիրեց Նիստի

March 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 22 մարտ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը գործուղեց Կիպրոս` Լիբանանի խորհրդարանը ներկայացնելու համար Ուղղափառ խորհրդարանականներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան խորհրդաժողովին:

Կը նախատեսուի, որ Պու Սաապ հանդիպումներ ունենայ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսի, խորհրդարանի նախագահ Անիթա Տիմիթրիուի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Քոսթանթինոս Քոմպոսի հետ:

Նշենք, որ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նաեւ իրլանտացի իր պաշտօնակից Շոն Օ Ֆըրկիլը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը, յատկապէս երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ:

Հանդիպումը եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին Պըրրի շնորհաւորեց իրլանտացիները եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտացի խաղաղապահները Իրլանտայի ազգային տօնին առիթով:

Պըրրի բարձր գնահատեց իրլանտացի խաղաղապահներուն ջանքերը` աւելցնելով, որ անոնք իրենց ծառայութեամբ կ՛ամրապնդեն Լիբանանի եւ Իրլանտայի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւնները:

Ֆըրկիլ այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Իրլանտայի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող իրլանտացի խաղաղապահներուն աւելի քան չորս տասնամեակ տեւողութեամբ ծառայութիւնը:

Ֆըրկիլ անդրադարձաւ անցեալ դեկտեմբերին իրլանտացի զինուորի մը սպանութեան միջադէպին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան իշխանութիւններուն, որ կատարեալ յանձնառութեամբ անմիջապէս հետաքննութիւն բացած էր եւ ձերբակալած յանցագործները:

Իր կարգին, Սլիմ բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող իրլանտական ուժերուն զոհողութիւնները եւ դերակատարութիւնը` պաշտպանելու համար սահմանային կայունութիւնը` գործակցութեամբ լիբանանեան բանակին:

Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը եւ հաստատուեցաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ռիատ Սալամէ Ներկայացաւ Հարցաքննութեան, Որ Այսօր Պիտի Շարունակուի

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Ուղղեց Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Համախոհութիւն Գոյացնելու Եւ Ընտրելու Հանրապետութեան Նոր Նախագահ Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.