ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 109.200 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.963.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 2.010.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.856.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.307.000 լ. ոսկի:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յատնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն կողմէ համայնքային մտածողութիւնն է երկրի տագնապներուն կրկնութեան պատճառը:
«ՕԺԵՐՕ»-Ի սենտիքայի գործադիր խորհուրդը յայտարարեց, որ իրենք հասած են այն վիճակին, որ դժուարութիւն ունին նոյնիսկ իրենց աշխատանքի վայրը հասնելու` նկատի ունենալով պենզինի թիթեղին սակը, «հետեւաբար 20, 22 եւ 24 մարտին աշխատանքի պիտի չներկայանանք», կը նշէ խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ հաստատեց, որ իրենք մօտիկ ապագային ժողովի պիտի հրաւիրեն ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը, որպէսզի սերտեն աշխատավարձի եւ փոխադրածախսի նոր յաւելումները:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ իր չեխ պաշտօնակիցին` Եանա Չերնոխովայի հետ ստորագրեց փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերի զինուորական մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդումին:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ Պէյրութ-Շուէտ եւ Պէյրութ-Դանիա երթուդարձը շաբաթական դրութեամբ պիտի աշխուժանայ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ ընդունեց լիբանանեան բանակի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց բանակին կարիքները: Սալամ շեշտեց, որ բանակին կարիքները քաղաքացիական ապահովութեան մաս կը կազմեն եւ անվիճելի են:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա երէկ ուղղուեցաւ Սէուտական Արաբիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար արաբական երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհրդաժողովին:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապի լուծման ամէնէն հրատապ առաջնահերթութիւնը քաղաքական լուծումն է` Թաէֆի համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ հաստատեց, որ սէուտական-իրանեան մերձեցումը իր շուքին տակ պիտի առնէ շրջանային իրադարձութիւնները եւ պիտի հանդարտեցնէ բոլոր տաք գլուխները: «Լիբանանի մէջ սէուտցի դեսպան Ուալիտ Պուխարիի Ռիատ հրաւիրուիլն ու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ այլոց հետ անոր հանդիպումներուն ջնջուիլը կը նշանակեն, թէ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիա որդեգրած է նոր քաղաքականութիւն մը, որ պիտի սկսի դրսեւորուիլ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն», նշեց ան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ամերիկեան ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան Գ. զօրամասի պետ զօր. Փեթրիք Ֆրենքի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան բանակին կարողութիւնները ամրապնդելու միջոցները, յատկապէս մարտահրաւէրներով լեցուն այս արտակարգ փուլին ընթացքին: Ֆրենք ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին բացարձակ օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի` նկատի ունենալով անոր կենսական դերակատարութիւնը` Լիբանանի կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ երկիրը կը քանդուի, իսկ նախագահական ընտրութեան հարցը կրնայ երկարատեւ ըլլալ, եթէ երեսփոխանական իւրաքանչիւր պլոք կառչած մնայ իր կեցուածքին:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Փարիզի հանդիպումին կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը պիտի փրկէ Լիբանանի պետական հաստատութիւններուն մնացորդացը, այլապէս պիտի ուղղուինք դէպի ամբողջական քանդում եւ քաոս, ինչպէս նաեւ հսկայածաւալ արտագաղթ, յատկապէս` դէպի Եւրոպա: