Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահական Ընտրութեան Իսկական Հարցը Քուէները Չեն, Այլ Ընտրութեան Մթնոլորտը Ստեղծելու Կարեւորութիւնը» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Մարտ 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան կրնայ իրանեան-սէուտական համաձայնութեան առաջին օգտուողներէն չըլլալ, սակայն բնականաբար ան պիտի ազդուի այդ համաձայնութեան շնորհիւ շրջանին մէջ տիրելիք մթնոլորտէն:

Ան դիտել տուաւ, որ թէ՛ իրանեան եւ թէ՛ սէուտական կողմերը հաստատած են, որ Լիբանանի տագնապին լուծման համար անհրաժեշտ է լիբանանեան համախոհութիւնը: «Լիբանանեան ներքին համախոհութիւնն է կարեւորը, եւ անոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ մղում շնորհել հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան», նշեց Խալիլ:

Ան յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանին զօրակցելու եւ օժանդակելու իմաստով Ֆրանսա կազմ ու պատրաստ է եւ յանձնառու` աւելցնելով, որ ֆրանսական կողմը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ մնայուն կապի մէջ է, եւ յստակ է, որ Լիբանանին օժանդակելու ֆրանսական կամքը առկայ է:

«Սէուտական Արաբիա իր կարգին դրական դերակատարութիւն ունի լիբանանեան թղթածրարին առումով, որովհետեւ Ռիատ նախանձախնդիր է Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու», ըսաւ Խալիլ` հաստատելով, որ Սէուտական Արաբիա օր մը օրանց նախագահական այս կամ այն թեկնածուն վեթոյի չէ ենթարկած, այլ բաւարարուած է հանրապետութեան նախագահի յատկանիշներուն մասին խօսելով:

«Նախագահական ընտրութեան իսկական հարցը քուէները չեն, այլ ընտրութեան մթնոլորտը ստեղծելու կարեւորութիւնը: Նոյնիսկ եթէ ըսուի, որ հանրապետութեան նախագահը 65 քուէով պիտի ընտրուի, ապա 86 երեսփոխաններու օրինաթիւ գոյացնելու կարիքը կայ», յայտնեց ան:

Խալիլ նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան նոր նախագահը պէտք է ներքին, շրջանային եւ միջազգային գոհունակութեան արժանանայ` աւելցնելով, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ 2016-էն ի վեր Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութեան բնական թեկնածու է:

«Եթէ Պքերքէի մէջ մէկ թեկնածուի անուան շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ, ապա այդ քայլը իր լաւ ազդեցութիւնը պիտի ձգէ, եւ բոլորը ի նպաստ անոր պիտի քուէարկեն, սակայն այսօր նախագահական թեկնածուներու անուանացանկերուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը ցոյց կու տան, թէ քրիստոնեաներուն միջեւ համախոհութիւն գոյութիւն չունի», նշեց Խալիլ:

Քաղաքապետական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Խալիլ ըսաւ, որ երեսփոխանական պլոքները կը յայտարարեն, թէ կը փափաքին քաղաքապետական ընտրութիւններ կատարել, սակայն անոնք գաղտնաբար բան մը կ՛ըսեն եւ յայտնաբար այլ բան կը յայտարարեն: «Մեզի համար քաղաքապետական ընտրութիւններուն կայացումը ձեռնտու է` թէ՛ իբրեւ երեսփոխանական պլոք, թէ՛ իբրեւ Ամալ շարժում եւ թէ՛ իբրեւ ազգային երկեակ», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնին Համար Կ՛առաջարկեմ Շըպլի Մալլաթի Անունը»

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա Համասի Ղեկավարութիւնը Ներկայացնող Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Շրջանային Հարցերը

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?