Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եու. Էս. Թեսք Ֆորս Ֆոր Լեպանոն»-ի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանան

Մարտ 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եու. Էս. Թեսք Ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Էտուըրտ Կապրիէլի, այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն, նախարարներուն եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Այցելութիւններուն ընթացքին պատուիրակութեան ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա:

Պատուիրակութիւնը նախանցեալ օր այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Կապրիէլ յայտնեց, որ այցելութիւնը երրորդն է, որ կը կատարեն մէկ տարուան ընթացքին: Ան յուսախաբութիւն յայտնեց ի տես Լիբանանի մէջ իրենց շօշափած գործունէութեան ահաւոր քիչ տարողութեան, որ պէտք էր կատարուէր լիբանանցի ժողովուրդին դիմագրաւած հիմնական տագնապները մեղմացնելու համար:

Կապրիէլ նկատել տուաւ, որ լիբանանցիին նիւթական կարողութիւնները չքացած են, անոր գնելու կարելիութիւնները գրեթէ գոյութիւն չունին` աւելցնելով, որ լիբանանցիները նոյնիսկ չեն կրնար իրենց տարրական կարիքներուն ստացագիրները վճարել:

Ան աւելցուց, որ երկրին առողջապահական եւ կրթական մարզերը իրենց կարգին կը տառապին, իսկ ժողովուրդը կը լքէ երկիրը եւ կը դիմէ արտագաղթի: «Այս մասին մեր կարծիքը յայտնեցինք Միքաթիին եւ կառավարութենէն պահանջեցինք անմիջապէս գործի անցնիլ: Միքաթիի հետ քննարկեցինք նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին պահանջած բարեկարգումները եւ անոր ներկայացուցինք շարք մը առաջարկներ, որոնք կ՛օժանդակեն խզելու շրջափակումը, դրամատուներուն մէջ համեմատաբար փոքր գումար ունեցող քաղաքացիներուն վերադարձնելու անոնց իրաւունքը, ամբողջացնելու բարեկարգումները, եւ այս շրջագիծին մէջ երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ գոյացնելու համաձայնութիւն», ըսաւ ան:

Կապրիէլ աւելցուց նաեւ, որ Միքաթին քաջալերած են նախարարներուն հետ խորհրդակցելու` բարեկարգումները անմիջապէս գործադրելու նպատակով: Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը շատ կարեւոր է` աւելցնելով, որ այդ մասին քննարկումներ կատարած են նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Կապրիէլ նշեց, որ Միքաթիի հետ համաձայնած են, թէ ներկայիս երկխօսութեան մը սկսելու յարմար պահն է, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել թեկնածուներ, որոնք կարողութիւն ունին խորհրդարանին մէջ օրինաթիւ գոյացնել եւ ատակ են` հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու, նկատի ունենալով իրենց կարողութիւնները, պարկեշտութիւնն ու բարեկարգչական ըլլալու իրականութիւնը:

Կապրիէլ յոյս յայտնեց, որ Միքաթիի հետ իրենց հանդիպումը ազդեցութիւն ունենայ, եւ իր խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն հաստատեց, որ անոնք առանձին չեն: «Մենք ձեր կողքին ենք, մինչեւ որ Լիբանան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած տագնապալի այս փուլը, ինչպէս նաեւ յանձնառու ենք գործակցելու լիբանանցի ժողովուրդին եւ քաղաքացիական ընկերութեան հետ», աւելցուց ան:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ իր կարգին ընդունեց «Եու. Էս. Թեսք Ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ելեւմտական մարզերը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ յայտնեց, որ պատուիրակութեան այցելութեան նպատակն է քաջալերել լիբանանցիները եւ պատասխանատուները` ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը եւ կազմելու կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ գործադրելու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ստորագրուած համաձայնագիրը, որպէսզի Լիբանան վերադառնայ իր նախկին կայունութեան:

Պու Հապիպ աւելցուց, որ այս շրջագիծին մէջ քննարկուած է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

Միւս կողմէ, Կապրիէլ նշեց, որ «Եու. Էս. Թեսք Ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի պատուիրակութեան Լիբանան կատարած այցելութիւնը կը դրսեւորէ Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը` Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ու ընկերային տագնապալի կացութեան եւ ժողովուրդին դիմագրաւած հսկայական տառապանքին նկատմամբ:

Կապրիէլ յայտնեց, որ պատուիրակութեան կատարած այցելութիւնը կը միտի նաեւ իմանալ այն միջոցները, որոնք պէտք է որդեգրուին` օժանդակելու համար լիբանանցիներուն:

Ան հաստատեց, որ Պու Հապիպի հետ հանդիպումը դրական էր` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ պէտք է համաձայնութիւն գոյանայ` հասնելու համար լիբանանցիներու կարիքներուն: «Պէտք է տարակարծութիւնները մէկդի դնել եւ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը` յանգելով այնպիսի թեկնածուի մը, որ պիտի ծառայէ Լիբանանի շահերուն», ըսաւ ան` վերահաստատելով բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

«Եու. Էս. Թեսք Ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ:

Հանդիպումէն ետք Կապրիէլ ցաւ յայտնեց, որ ուժանիւթի նախարարութիւնը բարեկարգումներու գործադրութեան իմաստով գրեթէ ոչինչ կատարած է:

Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի: Քննարկուեցան դատական իշխանութեան գործունէութեան եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Խուրի հաստատեց, որ իբրեւ նախարար եւ կառավարութիւն իրենք դատական իշխանութիւններու աշխատանքներուն միջամուխ չեն դառնար, ինչպէս նաեւ պատուիրակութենէն պահանջեց Լիբանանը օժտել արբանեակային լուսանկարներով, որպէսզի կարելի ըլլայ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին իմաստով արդարութիւն պարտադրել:

Կապրիէլ մտահոգութիւն յայտնեց դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան մասին, յատկապէս նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը շարունակելու լոյսին տակ:

Ան նշեց, որ իրենք կը բաժնեն նախարարի պաշտօնակատարին մտահոգութիւնները եւ զանոնք պիտի տանին Ուաշինկթըն, որպէսզի ամերիկեան քաղաքականութիւնը մշակողները եւս իմանան այդ բոլորին մասին:

Կապրիէլ հաստատեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութեան անկախ գործունէութիւնը պէտք է բարելաւել:

«Եու. Էս. Թեսք Ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան ներկայացուեցաւ բանակին դերակատարութիւնը` պաշտպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները` նկատի ունենալով երկրին տնտեսական տագնապը:

Զօր. Աուն հաստատեց, որ բանակը պիտի գոյատեւէ եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` արհեստավարժ կերպով, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Զօր. Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան բանակին կատարուած օժանդակութիւնները եւ գործակցութիւնը շարունակուին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ներկայ տագնապալի փուլը շրջանցել:

Զօր. Աուն յայտնեց բանակին երախտագիտութիւնը` ամերիկեան օժանդակութիւններուն համար, եւ շեշտեց, որ բանակը պիտի շարունակէ իր ազգային պատասխանատուութիւնները ստանձնել:

Իր կարգին, Կապրիէլ անդրադարձաւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին լիբանանեան բանակին վերահսկողութիւնը հաստատելու եւ ամբողջ երկիրը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:

Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներուն օժանդակութեամբ բանակը ոչ միայն երկրին ապահովական կայունութիւնը կը պաշտպանէ, այլ նաեւ կը պայքարի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ թմրեցուցիչի մաքսանենգումին դէմ:

Նշենք, որ պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, թէ Լիբանանին օժանդակութիւնները կը շարունակուին:

Պատուիրակութիւնը նկատել տուաւ նաեւ, որ ամերիկեան Քոնկրեսէն պիտի խնդրէ շարունակել Լիբանանի օժանդակութիւնները` ընդգծելով Լիբանանի նախագահական ընտրութեան միջամուխ չդառնալու իմաստով ամերիկեան վարչակազմի կեցուածքին կարեւորութիւնը:

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Յոյսով Ենք, Որ Իրանեան-Սէուտական Մերձեցումը Կը Յանգի Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան` Նախքան Յունիսը»

Յաջորդը

Ռիատ Սալամէ Այսօր Պիտի Ներկայանայ Դատավարութեան

RelatedPosts

Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ,  Իսկ «Օժերօ»-ի Գործադուլը Կը Սպառնայ  Անդամալուծել Հաղորդակցութեան Մարզը
Գլխաւոր լուրեր

Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ, Իսկ «Օժերօ»-ի Գործադուլը Կը Սպառնայ Անդամալուծել Հաղորդակցութեան Մարզը

Մարտ 31, 2023
Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց  Ապահովական Կացութիւնը
Լիբանանեան

Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Կացութիւնը

Մարտ 31, 2023
Յորդանանի Թագաւորը  Ընդունեց Պու Հապիպը
Լիբանանեան

Յորդանանի Թագաւորը Ընդունեց Պու Հապիպը

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In