Պքերքէի Մէջ. «Պէյրութի Քաղաքապետութեան Մէջ Համայնքային Հաւասարութիւնը Վտանգուած Է» Շեշտեց Սահնաուի
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքապետական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Սահնաուի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահած են, թէ Պէյրութի քաղաքապետութեան մէջ համայնքային հաւասարութիւնը վտանգուած է` աւելցնելով, որ ան ըմբռնում ցուցաբերած է իրենց տեսակէտին նկատմամբ:



















