Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՆԻՒԼ Կը Հերքէ Լիբանանէն Իսրայէլ Ապօրինի Կերպով Սահմանային Խախտում Գործուած Ըլլալու Մասին Լուրերը

March 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի նախանցեալ օր յայտնեց, որ նկատի ունենալով Հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանէն դէպի Իսրայէլ ապօրինի կերպով անհատի մը մուտքին մասին լուրերը, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հրամանատարութիւնը սահմանային Կապոյտ գիծի ոչ մէկ խախտում նշմարած է:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ կոչ ուղղած է երկու կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու, պահպանելու սահմանային կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ օգտագործելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն զրահապատ մեքենաները` գործակցելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով:

Նշենք, որ 48 ժամ առաջ իսրայէլեան ուժերը, անոնց ընդհանուր ապահովութեան կառոյցը` «Շապաք»-ը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը հաստատած էին, որ Հայֆայի կից Մաժտօ շրջանին մէջ ական մը պայթեցնող յանցագործը Իսրայէլ մուտք գործած էր Մաժտոյէն, այսինքն` Լիբանանէն Իսրայէլ: Իսրայէլեան աղբիւրները աւելցուցին, որ նոյն յանցագործը Հայֆայի մէջ գործողութիւնը կատարելէ ետք վերադարձած է սահմանամերձ շրջան` իր հետ ունենալով ականուած գօտի մը, եւ հոն սպաննուած է իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, որոնք անոր դիակը պահած են:

Իսրայէլեան իշխանութիւնները ընդգծեցին նաեւ, որ այս դէպքին մասին բացուած հետաքննութիւնը կը քննարկէ Հըզպալլայի մեղսակցութիւնը պայթումի այդ միջադէպին:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան ուժեր շեշտեցին, թէ Մաժտոյի գործողութիւնը գործադրած անհատը ողջ է եւ ան կը գտնուի ապահով շրջանի մը մէջ` ընդգծելով, որ գործողութեան վաւերագրութիւնը ունին:

Նշենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաֆ Կալանթ եւ իսրայէլեան ուժերու բարձրաստիճան զինուորականներ օր մը առաջ ուղղուեցան Իսրայէլի հիւսիսային սահմանները, ուր հաստատուեցաւ, որ Մաժտոյի գործողութիւնը բարդ է` ընդգծելով, որ այդ գործողութեան պատասխանատուները խիստ հարուած պիտի ստանան:

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը երէկ կէսօրին Հասպայայի, Հուլայի, Ատայսէի, Ղաժարի, Սատտանէի բարձունքներուն, Նաքքարի լիճին, Շէյխ լերան ու Շեպաայի գիւղաքաղաքին վերեւ թռիչքներ գործեցին` ստուգելու համար սահմանային Կապոյտ գիծին խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստին. «Անհրաժեշտ Է, Որ Լիբանանցի Քաղաքական Ղեկավարները Արագացնեն Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը» Շեշտեց Վրոնեցքա

Յաջորդը

Ռիատ Սալամէ. «Հարցաքննութեան Ներկայացայ Իբրեւ Վկայ Եւ Ոչ Իբրեւ Կասկածելի Կամ Ամբաստանեալ»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.