Արտերկրի Լիբանանցիներու Միջազգային Օրուան Առիթով
Արտերկրի լիբանանցիներու միջազգային օրուան առիթով եւ հովանաւորութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի, երէկ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Արտերկրի լիբանանցին. իրականութիւն եւ մարտահրաւէրներ» խորագիրը կրող խորհրդաժողով մը:
Այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի արտասանեց հետեւեալ խօսքը.
«Արտերկրի լիբանանցիներու միջազգային օրուան առիթով ի խորոց սրտի ողջոյն իւրաքանչիւր պանդուխտի, որ ընտրեց կամ ստիպուեցաւ լքել հայրենիքը եւ մեկնիլ աշխարհի մէկ այլ ծայրը` իրեն հետ ունենալով հայրենիքին հոգերն ու վերադարձի կարօտը:
Հինէն ի վեր օգտագործուած են կարգ մը անուանումներ, որոնցմէ են. սփիւռք, լիբանանեան գաղութներ, պանդուխտ լիբանանցիներ, բնակող Լիբանան եւ արտերկրի լիբանանցիներ:
Սակայն պատմութեան ընթացքին ցաւոտ իրականութիւնը կը մնայ այն, որ Լիբանան չէ կրցած իր զաւակներուն կարիքները, ձգտումները եւ իղձերը իրականացնել, եւ այդ պատճառով ալ անոր զաւակները նախընտրած են լքել իրենց հողն ու ընտանիքը եւ ապաստանիլ օտար ափերու վրայ` իրենց հետ ունենալով ընտանիքին, գիւղաքաղաքին եւ շրջանին հոգերը, ինչպէս նաեւ անցեալի հանդէպ կարօտը` յուսալով, որ օր մը կը վերադառնան արժանապատիւ կեանք մը ապրելու իրենց ընտանիքներուն հետ, իրենց հարազատ միջավայրին մէջ:
Դպրոցական տարիներուն պատմութեան եւ աշխարհագրութեան գիրքերուն ընդմէջէն կը սորվէինք, թէ արտերկրի լիբանանցիներուն` իրենց ընտանիքներուն ուղարկած նիւթական օժանդակութիւնները որոշ համեմատութեամբ ներդրում կ՛ունենան անոնց կեանքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց աշխատանքները ամբողջացնելու առումով:
Լիբանանեան տարբեր շրջանները կատարուած դպրոցական պտոյտներուն ընթացքին կը տեսնէինք հսկայ բնակարաններ ու պալատներ, որոնց մասին կ՛ըսուէր, թէ անոնք կառուցուած էին արտերկրի լիբանանցիներուն գումարներով:
Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս դասընկերներով կը խօսէինք Լիբանանը լքելու եւ արտագաղթելու մասին, որպէսզի օր մը օրանց կարենանք ընդարձակ պարտէզ մը եւ հսկայ բնակարան մը կամ պալատ մը ունենալ:
Իսկ այսօր, այս լեղի իրականութեան, աւելի ճիշդը գերիրապաշտ ու ցաւոտ այս առօրեային ընթացքին, մենք չենք խօսիր պալատի, յարկաբաժինի կամ հողի կտորի մը մասին, այլ` օրուան հացի, ապրուստի, կէս կրթաթոշակի, փոխադրածախսի, մէկ կապ հացի, մէկ դեղահատի, տուփ մը կաթի մասին, եւ կ՛ակնկալենք, որ արտերկրի լիբանանցիները մեզի ձեռք երկարեն:
Մենք` Լիբանանի մէջ ապրողներս կը պարտուինք, կը հարուածենք արտագաղթող երիտասարդներուն երազները եւ անոնց ձգտումները կը սահմանափակենք` դուրսը աշխատելով եւ իրենց ընտանիքներուն օժանդակելով:
Դժուարութիւնները ահաւոր են, իսկ մարտահրաւէրները` հսկայական:
Արդեօք պէ՞տք է արտերկրի լիբանանցիները, կամ արտերկրի լիբանանեան գաղութները նկատենք հայրենիքին հիմնական բաժինը, կամ անոնք խումբ մը քաղաքացիներ են, որոնք լքած են իրենց երկիրը, եւ մենք կը դիմենք անոնց նուիրատուութիւններ եւ օժանդակութիւններ խնդրելու համար:
Արդեօք անոնք ապրուստի աղբի՞ւր են, թէ՞ ներուժ, որ կը լրացնէ նոյն հայրենիքն ու նոյն ժողովուրդը:
Արդեօք արտերկրի լիբանանցիները առո՞ղջ վիճակի մէջ են, եւ հայրենիքին հետ անոնց յարաբերութիւնը` փոխադարձ գործակցութեան կամ ժամանակաւոր շահերու յարաբերութիւն:
Հակառակ հսկայ ջանքերուն, արդեօք ունի՞նք մէկ ձեւի լիբանանեան գաղութներ, ունի՞նք միացեալ օրէնքներ եւ ծրագիրներ` կազմակերպելու համար արտերկրի լիբանանեան գաղութները:
Կրնա՞նք արդեօք արտերկրի լիբանանցին բառին բուն իմաստով նկատել լիբանանցի լիիրաւ քաղաքացի մը: Արդեօք քաղաքացին ուղղակի առնչուած կը զգա՞յ իր քաղաքացիութեան հետ, իսկ Լիբանանի մէջ ի՞նչ կը կատարենք մենք` աշխուժացնելու համար քաղաքացիութեան զգացումը:
Կրնա՞նք մտածել եւ գործել օտար գաղութներու մէջ հասակ նետող արտերկրի լիբանանցիներուն համար: Անոնց, որոնց Լիբանանի հետ ունեցած միակ կապը իրենց մեծ հայրերէն մնացած լուսանկար մըն է եւ կամ գիւղի տան մէկ լուսանկարը:
Ոչ ոք կրնայ ուրանալ քաղաքացիութեան մէջ մշակոյթի դերակատարութիւնը: Բնական է, որ արտերկրի լիբանանցին օտար երկիրներու մէջ ապրի տարբեր մշակոյթներու ազդեցութեան տակ, խօսի այլ երկիրներու լեզուն, ինչպէս նաեւ սորվի իր ապրած երկրին պատմութիւնը: Այս ձեւով ան կը դառնայ քաղաքացի մը` լիբանանեան ծագումով:
Արդեօք կարողութիւն ունի՞նք մտածելու եւ գործելու, որպէսզի գտնենք այնպիսի միջոցներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն լիբանանեան մշակոյթը` լաւագոյն կերպով, մայրենի լեզուով եւ լիբանանեան աւանդութիւններով:
Արտերկրի լիբանանցիները ներկայ Լիբանանը ամբողջացնող ներուժն են: Արտերկրի մէջ կազմուած լիբանանեան գաղութները դրամի եւ օժանդակութեանց աղբիւր չեն, այլ` ներուժ եւ հարստութիւն, որուն հանդէպ գուրգուրալը պէտք է ըլլայ մեր պատասխանատուութիւնը, իսկ անոնց պատասխանատուութիւնը պիտի ըլլայ` իրենց գաղութներուն մէջ պահպանել լիբանանեան եւ լիբանանեան քաղաքացիական իրենց ինքնութիւնը:
Ճիշդ է, արեւը լիբանանեան դրօշին վրայ մայր չի մտներ, եւ որպէսզի արտերկրի լիբանանցիները պանդուխտներու եւ օտարացած ու հեռացած քաղաքայիններու չվերածուին, ապա մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել այդ դրօշին սրբութիւնը` ամբողջական համագործակցութեամբ, թերեւս այդ ձեւով կարենանք յաջողութիւն մը արձանագրել արտերկրի լիբանանցիներուն պարագային, բան մը, որ ձախողեցանք իրագործել հայրենիքի հողին վրայ»: