Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. «Այս Տարի 500 Միլիոն Տոլար Պիտի Տրամադրենք Լիբանանին, Իսկ Ելեկտրականութեան Մարզը Ֆինանսաւորելու Համար Կան Նախապայմաններ» Շեշտեց Պալհաժ

Մարտ 15, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Միջին Արեւելքի մէջ Միջազգային դրամատան նախագահ Ֆարիտ Պալհաժը, որուն ընկերակցեցաւ շրջանին մէջ դրամատան տնօրէն Ժան Քրիսթոֆ Քարրէն:

Հանդիպումէն ետք Պալհաժ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամատան միջեւ յարաբերութիւնը հինէն կու գայ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին Միջազգային դրամատունը 300 միլիոն տոլարի ծրագիր մը պիտի իրագործէ` Լիբանանի մէջ ամէնէն աւելի աղքատ ընտանիքներուն ընկերային օժանդակութիւն տրամադրելով:

Պալհաժ նշեց, որ երկրորդ ծրագիրն է 200 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն մը տրամադրել երկրագործութեան մարզին` նշելով, որ տակաւին կայ վերարտադրուող ուժանիւթի մարզին վերաբերող ծրագիր մը, որ 100-150 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն կ՛ենթադրէ Լիբանանին, «սակայն այդ ծրագիրի գործադրութեան գործիքակազմը տակաւին կը սերտուի», ըսաւ ան:

Պալհաժ նկատել տուաւ, որ այս տարի Միջազգային դրամատունը 500 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Լիբանանին` աւելցնելով, որ ելեկտրականութեան մարզը ֆինանսաւորելու կարելիութիւնները կը շարունակեն սերտուիլ, սակայն ատիկա կատարելու համար կան նախապայմաններ, որոնք պէտք է ամբողջանան:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Սպանիոյ խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Փաու Մարի Քլոզը, որուն ընկերակցեցան սպանացի երեսփոխաններ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի պարզելիք քաղաքական իրավիճակն ու լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ որդեգրուելիք բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս իրանեան-սէուտական համաձայնութեան եւ Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք ազդեցութեան վերաբերեալ:

Փաու Մարի Քլոզ նշեց, որ Միքաթիի հետ խորհրդակցութիւնները շինիչ էին:

Միքաթիի այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, որ վարչապետի պաշտօնակատարին հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապին` ընկերակցութեամբ նախարարութեան մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումէն ետք Հալապի յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած են իրաքցի ուսանողներուն հետ գործակցութեան վերաբերող արարողակարգային հարցերը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող խնդիրներ, որոնց շարքին` պետական դպրոցներուն եւ տնօրէնութիւններուն հարցերը:

Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդունեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն հետ քննարկեց պետական եւ սեփական մարզերուն ամսական աշխատավարձերը բարձրացնելու կարելիութիւնները:

Այս իմաստով Միքաթի խոստացաւ այդ թղթածրարը արծարծել Հռոմ կատարելիք իր այցելութենէն ետք, կառավարութեան գումարելիք յառաջիկայ շաբթուան նիստին ընթացքին:

 

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. «Պէյրութի Քաղաքապետութեան Մէջ Համայնքային Հաւասարութիւնը Վտանգուած Է» Շեշտեց Սահնաուի

Յաջորդը

Ապուլ Ղէյթ Հանդիպումներ Ունեցաւ Իշխանութեան Պետերուն Հետ

RelatedPosts

Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ,  Իսկ «Օժերօ»-ի Գործադուլը Կը Սպառնայ  Անդամալուծել Հաղորդակցութեան Մարզը
Գլխաւոր լուրեր

Տնտեսական Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սաստկանայ, Իսկ «Օժերօ»-ի Գործադուլը Կը Սպառնայ Անդամալուծել Հաղորդակցութեան Մարզը

Մարտ 31, 2023
Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց  Ապահովական Կացութիւնը
Լիբանանեան

Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Կացութիւնը

Մարտ 31, 2023
Յորդանանի Թագաւորը  Ընդունեց Պու Հապիպը
Լիբանանեան

Յորդանանի Թագաւորը Ընդունեց Պու Հապիպը

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In