Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ երէկ պէտք էր ներկայանար Պէյրութի դատարան` եւրոպական դատական յանձնախումբի մը կողմէ հարցաքննութեան ենթարկուելու, մետասաներորդ պահուն բացակայեցաւ դատավարութենէն:
Պէյրութի աւագ քննիչ դատախազ Շարպել Ապու Սամրա Սալամէն հարցաքննելու նպատակով դատավարութեան նոր նիստ մը նշանակեց այսօր` հինգշաբթի, 16 մարտ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
Նշենք, որ Սալամէ մերժած էր դատարան ներկայանալ` հիմնաւորելով, որ Լիբանանի մէջ միջազգային դատաւորներու ներկայութիւնն ու կատարելիք հարցաքննութիւնը հակասահմանադրական են:
Ընդհանուր դատախազութիւնը եւ Ապի Սամրա մերժեցին Սալամէի հիմնաւորումը` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ միջազգային դատաւորներու կատարելիք հարցաքննութիւնը լիբանանեան օրէնքին հետ չի հակադրուիր եւ լիբանանեան գերիշխանութիւնը խոցելի չի դարձներ: