Լիբանանեան

Միքաթի Պուխարիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Միքաթի Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Նշենք, որ Միքաթի իր ընտանիքին ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա` ուխտագնացութեան: Կը նախատեսուի, որ 48 ժամ ետք ան վերադառնայ Պէյրութ: Միւս կողմէ, նախարարաց խորհուրդին կողմէ հրապարակուեցաւ հրամանագիր մը, որուն համաձայն, ուրբաթ, 7 եւ ուրբաթ, 14 ապրիլին պետական հաստատութիւններն...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Ճշդելու Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններու Հարցը

Հզօր Լիբանան համախմբումը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Համախմբումին նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ամառնային ժամանակացոյցի յետաձգման որոշումը յետս կոչելը` կառավարութեան կողմէ, ողջունելի է, եւ ցոյց կու տայ, թէ պետութեան տրամաբանութեան կառչած մնալու առողջ կեցուածք կայ տակաւին: Հզօր Լիբանան համախմբումը կոչ ուղղեց կառավարութեան...

Դեսպան Աթաբէկեան Մուրթատայի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Դեսպան Աթաբէկեան Մուրթատայի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան հանդիպում մը ունեցաւ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները` բոլոր մարզերուն, յատկապէս մշակութային համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերեալ:  

Ռիատ Սալամէ. «Սայրաֆա» Հարթակի  Գործառնութիւնները Ընթացքի Մէջ Են  Եւ Պիտի Շարունակուին»

Ռիատ Սալամէ. «Սայրաֆա» Հարթակի Գործառնութիւնները Ընթացքի Մէջ Են Եւ Պիտի Շարունակուին»

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կարգ մը լրատուամիջոցներ շրջանառութեան մէջ դրած են այնպիսի լուրեր, թէ «Սայրաֆա» հարթակի գործառնութիւնները կանգ պիտի առնեն յառաջիկայ ամսուան սկիզբը: «Կը հաստատենք, որ այդ լուրերը անճիշդ են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ: «Սայրաֆա» հարթակի գործառնութիւնները ընթացքի մէջ են եւ պիտի շարունակուին` հիմնուելով դրամի եւ փոխատուութեան վերաբերող կանոնագիրի թիւ...

Սամի Ժեմայէլ. «Ոչ Ոք Կրնայ Իր Կամքը  Պարտադրել, Եւ Ոչինչ Կ՛արգիլէ,  Որ Խորհրդարանին Մէջ Պատահածը Չկրկնուի»

Սամի Ժեմայէլ. «Ոչ Ոք Կրնայ Իր Կամքը Պարտադրել, Եւ Ոչինչ Կ՛արգիլէ, Որ Խորհրդարանին Մէջ Պատահածը Չկրկնուի»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ նախանցեալ օրուան խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին: Ան ըսաւ. «Խորհրդարանին մէջ պատահածը կրնար երկիրը տարբեր տեղ առաջնորդել: Հարց կու տամ ինքզինքիս, որ եթէ տարբեր ձեւով վարուէի եւ հակազդէի, ապա չենք գիտեր այսօր Լիբանանը ի՛նչ վիճակ կրնար պարզել»: Ան շեշտեց, որ այս վարուելակերպը առաջին անգամը չէ, որ կը պատահի,...

Պըրրի Երկրին Իրադարձութիւնները  Քննարկեց Սալամի Հետ

Պըրրի Երկրին Իրադարձութիւնները Քննարկեց Սալամի Հետ

Ուալիտ Ժոմպլաթ _ Նեպիհ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական մարզին դիմագրաւած սուր տագնապը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Առքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ժան Ալիէն: Նշենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ այն տեղեկութիւնները, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար...

Քըրըմ Կոչ Ուղղեց «Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան  Խորհուրդին Վերջ Տալու Իրենց Գործադուլին

Քըրըմ Կոչ Ուղղեց «Օժերօ»-ի Պաշտօնէութեան Խորհուրդին Վերջ Տալու Իրենց Գործադուլին

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ երէկ յայտնեց, որ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան խորհուրդին կողմէ յայտարարուած բաց գործադուլը արագ տրուած որոշում է` աւելցնելով, որ ինք պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձը աւելցնելու լիազօրութիւն չունի: Քըրըմ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին փլուզումը կը սպառնայ ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային կացութեան: Ան կոչ ուղղեց «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան խորհուրդին վերջ տալու իրենց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 107.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերն ու անոնց զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ ընդունեց Հզօր...

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու  Նիստը Վերածուեցաւ  Բանավէճի Եւ Անձնական Հարցի

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստը Վերածուեցաւ Բանավէճի Եւ Անձնական Հարցի

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուէր 8 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ կ՛ընդգրկէր պետական ամավարկին մէջ նկատի ունենալ 1500 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը` ֆինանսաւորելու համար 2023-ի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ծախսերը:...

Միքաթի Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանին  Վերաբերող Հրատապ Հարցեր

Միքաթի Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանին Վերաբերող Հրատապ Հարցեր

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հրատապ հարցերը: Կրիօ շեշտեց, որ ինք պարբերաբար այս հարցերը կը քննարկէ նաեւ խորհրդարանի նախագահին եւ քաղաքական ուժերուն հետ: Ան հաստատեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ իր հաստատութիւններուն գործունէութիւնը բնականոնացնելու, հանրապետութեան նախագահ ընտրելու եւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու:...

Սայֆիի Մէջ.   «Վերստին Ոտքի Կանգնելու Լիբանանցիներուն  Կամքէն Եւ Կարողութենէն Վստահ Ենք»  Շեշտեց Պուխարի

Սայֆիի Մէջ. «Վերստին Ոտքի Կանգնելու Լիբանանցիներուն Կամքէն Եւ Կարողութենէն Վստահ Ենք» Շեշտեց Պուխարի

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական դատարկութեան փուլին ընթացքին արձանագրուող զարգացումները: Փաղանգաւոր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երկարատեւ հանդիպումը եղաւ առիթ մը խորքային քննարկում կատարելու տիրող կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ հաստատելու, որ յառաջիկայ փուլը ինչպէ՛ս կարելի է...

Յորդանանի Մէջ.   Սաֆատի. «Լիբանանին 100 Մեկաուաթ  Ելեկտրականութիւն Պիտի Հայթայթենք`  Միջազգային Դրամատան Հետ  Համաձայնութիւնը Կայացնելէ Ետք»

Յորդանանի Մէջ. Սաֆատի. «Լիբանանին 100 Մեկաուաթ Ելեկտրականութիւն Պիտի Հայթայթենք` Միջազգային Դրամատան Հետ Համաձայնութիւնը Կայացնելէ Ետք»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Յորդանան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ յորդանանցի իր պաշտօնակիցին` Այման Սաֆատիի հետ: Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Սաֆատի յայտնեց, որ Յորդանան Լիբանանին 100 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն պիտի հայթայթէ` Միջազգային դրամատան հետ համաձայնութեան կայացումէն անմիջապէս ետք: Սաֆատի նշեց, որ Յորդանան պատրաստ է Լիբանանին նեցուկ կանգնելու,...

Դամասկոսի Մէջ.   Հաժ Հասան Սուրիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ  Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Դամասկոսի Մէջ. Հաժ Հասան Սուրիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Մոհամետ Հասսան Քաթնայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու երկրագործութեան նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Հաժ Հասան յայտնեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի վերացնելու այն արգելակումները, որոնք կը վերաբերին Լիբանանէն եւ դէպի Լիբանան, Սուրիայէն...

Պայսարի Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Պայսարի Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ անցագիր ստանալու գործառնութիւնը դիւրացնելու կարելիութիւնը: Պայսարի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տիրող կացութիւնը: Տապպուր Պայսարիէն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 107.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.939.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.986.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.764.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.254.000 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի...

Կառավարութեան Որոշումով Լիբանանը Ամառնային  Ժամանակացոյցին Կը Վերադառնայ Չորեքշաբթի,  29 Մարտէն Հինգշաբթի, 30  Մարտ Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

Կառավարութեան Որոշումով Լիբանանը Ամառնային Ժամանակացոյցին Կը Վերադառնայ Չորեքշաբթի, 29 Մարտէն Հինգշաբթի, 30 Մարտ Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

Անցեալ շաբաթավերջին Լիբանան պէտք էր ժամացոյցին սլաքը ժամ մը առաջ տանէր, որպէսզի սկսի ամառնային ժամանակացոյցին գործադրութիւնը, սակայն անցեալ հինգշաբթի օր Միքաթի հրապարակեց մէկ այլ որոշում մը, որուն հիման վրայ ամառնային ժամանակացոյցին գործադրութիւնը պիտի յետաձգուէր ռամատանի աւարտին, այսինքն` հինգշաբթի, 20 ապրիլէն ուրբաթ, 21 ապրիլ լուսցող գիշերը: Այս որոշումը ընդվզումի հսկայ ալիք մը յառաջացուց երկրին մէջ: Անոր ընդդիմացան քրիստոնեայ գրեթէ բոլոր ղեկավարները,...

Պարպրա Լիֆ. «Լիբանանի Նախագահական  Ընտրութեան Համար Միացեալ Նահանգներ  Յստակ Թեկնածու Մը Չունին»

Պարպրա Լիֆ. «Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Համար Միացեալ Նահանգներ Յստակ Թեկնածու Մը Չունին»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպրա Լիֆ, որ անցեալ ուրբաթ օր այցելած էր Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցած իշխանութեան պետերուն ու քաղաքական պատասխանատուներու հետ, հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ այդ հանդիպումներու արդիւնքներուն: Լիֆ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան համար Միացեալ Նահանգներ յստակ թեկնածու մը չունին` աւելցնելով, որ այս առումով Ուաշինկթըն ոչ մէկ որոշում ունի: Լիֆ նշեց, որ հանրապետութեան...

Ռայի Պատրիարք. «Պատասխանատուներէն Կ՛ակնկալենք,  Որ Աստուծոյ Դիմաց Հաստատեն Իրենց  Պատասխանատուութիւնը` Պետութիւնը Քանդելու  Եւ Նախագահական Ընտրութիւն Չկատարելու Առումով»

Ռայի Պատրիարք. «Պատասխանատուներէն Կ՛ակնկալենք, Որ Աստուծոյ Դիմաց Հաստատեն Իրենց Պատասխանատուութիւնը` Պետութիւնը Քանդելու Եւ Նախագահական Ընտրութիւն Չկատարելու Առումով»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Աւետման տօնին առիթով յղեց պատգամ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ զուգադիպութիւն մը չէ, որ 27 հոկտեմբեր 2010-ին լիբանանցիները պաշտօնական հրամանագիրով մը եւ միաձայնութեամբ յայտարարած են, թէ Աւետման տօնը իսլամական-քրիստոնէական ազգային միացեալ տօն մըն է: Ան աւելցուց, որ օրին Վատիկանը ողջունեց այս որոշումը եւ շնորհաւորեց լիբանանցիները` հաստատելով, որ իսլամներն ու քրիստոնեաները սիրոյ եւ բարեկամութեան ռահվիրաներն են:...

Պասիլ. «Պատրաստ Եղէք Փողոց Իջնելու.  Լիբանան` Գոյացութիւնը, Հայրենիքն  ու Պետութիւնը Վտանգուած Են»

Պասիլ. «Պատրաստ Եղէք Փողոց Իջնելու. Լիբանան` Գոյացութիւնը, Հայրենիքն ու Պետութիւնը Վտանգուած Են»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին արտասանեց խօսք մը` կուսակցութեան Ը. ընդհանուր ժողովին, որ տեղի ունեցաւ «Հապթուր» պանդոկին մէջ: Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան` գոյացութիւնը, հայրենիքը, պետութիւնն ու պատգամի երկիրը վտանգուած են` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն գոյութիւնը եւս վտանգուած է, եթէ անոնք շարունակեն մերժել երկխօսութիւնը: Ան հաստատեց, որ քաղաքական ոչ մէկ կողմ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունի խորհրդարանին մէջ, հետեւաբար...

Ժահժահ Պուխարիի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ժահժահ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին` ներկայութեամբ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշիի: Հանդիպումին մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ մէկուկէս ժամուան երկարատեւ հանդիպումին ընթացքին հիմնականին մէջ քննարկուեցաւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, հակառակ անոր որ չքննարկուեցան նախագահական հաւանական թեկնածուներու անունները: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ժահժահ եւ Պուխարի ընդգծեցին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին...

Page 278 of 987 1 … 277 278 279 … 987

Արխիւներ