Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կարգ մը լրատուամիջոցներ շրջանառութեան մէջ դրած են այնպիսի լուրեր, թէ «Սայրաֆա» հարթակի գործառնութիւնները կանգ պիտի առնեն յառաջիկայ ամսուան սկիզբը:
«Կը հաստատենք, որ այդ լուրերը անճիշդ են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ: «Սայրաֆա» հարթակի գործառնութիւնները ընթացքի մէջ են եւ պիտի շարունակուին` հիմնուելով դրամի եւ փոխատուութեան վերաբերող կանոնագիրի թիւ 75 եւ թիւ 83 կէտերուն վրայ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: