Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական դատարկութեան փուլին ընթացքին արձանագրուող զարգացումները:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երկարատեւ հանդիպումը եղաւ առիթ մը խորքային քննարկում կատարելու տիրող կացութեան մասին, ինչպէս նաեւ հաստատելու, որ յառաջիկայ փուլը ինչպէ՛ս կարելի է ծրագրել` լուծելու համար երկրին դիմագրաւած տագնապները:
Հանդիպումէն ետք Պուխարի յայտնեց, որ իրենք վստահ են վերստին ոտքի կանգնելու լիբանանցիներուն կամքէն ու կարողութենէն, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանան դիմադրողականութիւն ունի տագնապներու նկատմամբ:
Իր կարգին, Ժեմայէլ շեշտեց, որ հարցերուն հանդէպ ցուցաբերուած անլուրջ վարուելակերպը, ինչպէս նաեւ հաստատութիւնները, սահմանադրութիւնն ու կանոնները անարգելու կեցուածքներն ու անգիտակից մօտեցումը պատճառ կը դառնան երկիրը առաջնորդելու դէպի յաւելեալ լարուածութիւն:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ պէտք է իրենք զիրենք պատրաստ վիճակի մէջ պահեն` փրկելու համար Լիբանանն ու լիբանանցիները, եւ հեռու մնան անհեթեթութիւններէ, որոնք աւելի լուրջ աղէտներու եւ տագնապներու դիմաց կը դնեն ժողովուրդը: «Այդ հարցերէն եւ տագնապներէն է տնտեսական թղթածրարը, որուն կը հսկեն տիրող տագնապներէն ու հարցերէն անտեղեակ անհատներ», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ փրկել Լիբանանը, որ լուրջ վտանգներու դիմաց կը գտնուի:
Ան կոչ ուղղեց հայեացքները սեւեռելու այնպիսի անձնաւորութիւններու վրայ, որոնք կառչած են Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան եւ որոնք պատրաստ են տնտեսական ու քաղաքական բարեկարգումները կատարելու:
Սէուտական-իրանեան համաձայնութեան եւ լիբանանեան տագնապին լուծման վրայ անոր ունենալիք ազդեցութեան մասին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Ռիատ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան, պայմանով որ ան ստանձնէ երկիրը փրկելու պատասխանատուութիւնը:
Ան աւելցուց, որ Լիբանանի շահերուն ծառայող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն ողջունելի է:
Անդրադառնալով քաղաքապետական ընտրութիւններուն` Ժեմայէլ յայտնեց, որ անիկա խորհրդարանի նիստի կարիք չունի` հաստատելով, որ կառավարութիւնը բազմաթիւ աղբիւրներ ունի այդ ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու, «իսկ ընտրութիւններուն ծախսը 8 միլիոն տոլար կ՛ենթադրէ` առանց խորհրդարանին վերադառնալու», յայտնեց ան:
Նշենք, որ Ժեմայէլ ընդունեց նաեւ երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամը, որուն հետ քննարկեց փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Զոյգ հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ երեսփոխան Սելիմ Սայեղ: