Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դամասկոսի Մէջ. Հաժ Հասան Սուրիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

March 29, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Մոհամետ Հասսան Քաթնայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու երկրագործութեան նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հաժ Հասան յայտնեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի վերացնելու այն արգելակումները, որոնք կը վերաբերին Լիբանանէն եւ դէպի Լիբանան, Սուրիայէն եւ դէպի Սուրիա մուտք գործող եւ արտահանուող բերքին:

Հաժ Հասան նկատել տուաւ, որ այսօր իրենք կը խօսին իսկական գործընկերութեան, ինչպէս նաեւ երկրագործութեան մարզին մէջ գործակցութիւնը աշխուժացնելու մասին` աւելցնելով, որ այս աշխուժացումը կարիքը ունի օրինական եւ արհեստագիտական շրջագիծերու, որոնց շուրջ պէտք է գործակցիլ:

Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ պանանի համաձայնագիրին անդրադառնալով` Հաժ Հասան յայտնեց, որ այդ իմաստով բացարձակ գործակցութիւն կայ երկու երկիրներուն միջեւ` աւելցնելով, որ այս տարի Լիբանանի պանանի բերքը առատ է:

Իր կարգին, Քաթնա յայտնեց, որ Հաժ Հասանի հետ քննարկած է շարք մը հարցեր, որոնց առումով կարելի է աշխատիլ` երկկողմանի համագործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով:

Ան հաստատեց, որ Սուրիոյ երկրագործութեան նախարարութիւնը լիբանանեան կողմին 250 թոն ցորեն տրամադրած է, որպէսզի բարելաւէ ցորենի հունտ արտադրելու Լիբանանի կարողութիւնը:

Քաթնա անդրադարձաւ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գետնախնձորի ցանքի գործակցութեան, ինչպէս նաեւ բոյսերու եւ ծառատեսակներու փոխանակման կարելիութեան:

Նախորդը

Պայսարի Պու Հապիպի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Յորդանանի Մէջ. Սաֆատի. «Լիբանանին 100 Մեկաուաթ Ելեկտրականութիւն Պիտի Հայթայթենք` Միջազգային Դրամատան Հետ Համաձայնութիւնը Կայացնելէ Ետք»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.