
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս տնտեսական մարզին դիմագրաւած սուր տագնապը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Առքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ժան Ալիէն:
Նշենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ այն տեղեկութիւնները, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ մերժած է Պըրրիէն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը պատասխանել` ամառնային ժամանակացոյցի ճշդումին վերաբերող բանակցութիւններուն ընթացքին:
«Նման լուրեր շրջանառութեան մէջ զետեղող մարդիկ չեն գիտեր կամ կոյր կը ձեւանան Պըրրիի եւ Ժոմպլաթի միջեւ տիրող փոխադարձ յարգանքին, խոր յարաբերութեան, երկրին շահերուն նկատմամբ յանձնառութեան, երկխօսութեան եւ մնայուն խորհրդակցութեան հանդէպ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: