Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ երէկ յայտնեց, որ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան խորհուրդին կողմէ յայտարարուած բաց գործադուլը արագ տրուած որոշում է` աւելցնելով, որ ինք պաշտօնէութեան ամսական աշխատավարձը աւելցնելու լիազօրութիւն չունի:
Քըրըմ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին փլուզումը կը սպառնայ ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային կացութեան:
Ան կոչ ուղղեց «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան խորհուրդին վերջ տալու իրենց գործադուլին, խորհրդակցելու եւ վերադառնալու աշխատանքի:
«Կրնա՞յ ըլլալ, որ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքան գործադուլ յայտարարէ այն ժամանակաշրջանին, երբ լուծման յանգելու բանակցութիւններ կը վարեմ», հարց տուաւ ան:
Քըրըմ աւելցուց, որ «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան թղթածրարը Նախարարաց խորհուրդին մօտ է եւ լուծման հունին մէջ դրուելու սեմին կը գտնուի:
Ի պատասխան Քըրըմի կատարած յայտարարութիւններուն` «Օժերօ»-ի պաշտօնէութեան սենտիքայի նախագահ Էմիլի Նասսար երէկ յետմիջօրէին հաստատեց, որ գործադուլը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ խոստումները բաւարար չեն: