Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստը Վերածուեցաւ Բանավէճի Եւ Անձնական Հարցի

Մարտ 29, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ նախագահեց միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլ:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուէր 8 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ կ՛ընդգրկէր պետական ամավարկին մէջ նկատի ունենալ 1500 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը` ֆինանսաւորելու համար 2023-ի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ծախսերը:

Նիստին ընթացքին սակայն արձանագրուեցան զոյգ բանավէճեր, որոնցմէ առաջինին պարագային երեսփոխաններ Ղազի Զաայթեր եւ Մըլհեմ Խալաֆ իրարու դէմ ձայն բարձրացուցին, իսկ երկրորդը, որ աւելի վատ էր, արձանագրուեցաւ երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլի եւ Ալի Հասան Խալիլի միջեւ:

Անհանդուրժողութեան այս մթնոլորտին մէջ նիստը աւարտեցաւ լարուած ու ելեկտրականացած մթնոլորտի մէջ:

Նիստէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ քաղաքական ուժերուն կեցուածքներէն ի յայտ եկաւ, որ ոչ ոք հարց ունի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները կատարելու, հետեւաբար Մաուլաուի 3 ապրիլին ընտրութիւնները կատարելու կոչ պիտի ուղղէ: «Սակայն կոչ ուղղելէ առաջ, կան որոշ հարցեր, որոնք պէտք է նկատի առնուին, եւ ոչ թէ ընտրութիւններուն հրաւիրելէ ետք` յայտարարութիւնը յետս կոչենք», ըսաւ ան:

Պու Սաապ շեշտեց, որ Մաուլաուի Միքաթիի հետ պիտի քննարկէ այս հարցը եւ վերջնական որոշում տայ:

Պու Սաապ ընդգծեց, որ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններուն եւ ելեկտրականացած մթնոլորտին պատճառով

նիստը վերջ գտաւ, եւ այս մթնոլորտը ուշիմ լուծումներու չ՛առաջնորդեր: «Յոյսով ենք, որ համաձայնութեան մը կը յանգինք: Իսկ ինչ կը վերաբերի «Էս. Տի. Ար.»-ի որոշումին, ապա անիկա պիտի տրուի կառավարութեան կողմէ», հաստատեց ան:

Սամի Ժեմայէլ խորհրդարանէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ ինք պիտի չխօսի խորհրդարանին մէջ արձանագրուած բանավէճին մասին, որովհետեւ անիկա կրնայ սադրանքներու առաջնորդել:

Ան շեշտեց, որ սրբութիւններուն դպչած են, եւ ինք այդ հարցը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի տրամադրութեան տակ կը դնէ:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ եթէ Պըրրի տեսնէ, որ ի՛նչ որ խորհրդարանին մէջ պատահած է, կարելի է անոր աչք խփել ու անցնիլ, ապա անիկա հսկայ հարց կրնայ ստեղծել, իսկ եթէ ան կը փափաքի հարցը լուծել, ապա գիտէ, թէ ինչպէ՛ս կը լուծուի այդ հարցը:

Իր կարգին, Ալի Հասան Խալիլ խորհրդարանէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իր խօսքը ուղղուած էր կուսակցութեան նախագահի մը, որ Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահն էր, «սակայն Սամի Ժեմայէլ պնդեց, որ իրեն ուղղուած է: Ան պաշտօնակիցի սահմանները անցաւ եւ պէտք էր պատասխան ստանար: Ոմանք օրէնսդրական նիստերը կը մերժեն, սակայն քաղաքապետական ընտրութիւն կատարելու կարգախօսը կը բարձրացնեն` գիտնալով հանդերձ, որ կը մերժեն այդ ընտրութեան կայացումը», ըսաւ ան:

Հասան Խալիլ շեշտեց, որ իրենք երկրին մէջ առկայ բաժանումի բառամթերքն ու տրամաբանութիւնը կը մերժեն` աւելցնելով, որ խորհրդարանին մէջ կատարուածը պէտք է հակակշիռի տակ առնել, որովհետեւ ոչ ոքի արտօնուած է այլոց վրայ ցեխարձակում կատարել: «Ես իմ կեցուածքներուս եւ համոզումներուս կառչած կը մնամ», ըսաւ ան:

Երեկոյեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ Սամի Ժեմայէլի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ներում հայցած է իրմէ պատահածին գծով:

Պու Սաապ Ընդվզում Կը Յայտնէ

Միւս կողմէ, Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ երկրին մէջ արձանագրուած ժամանակացոյցի փոփոխութեան հարցին` հաստատելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կրնայ պահանջել` աւելցնելով, որ իրենք ալ կրնան պահանջել, սակայն վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին է, որ տուած է որոշումը: «Հիմնականին մէջ Միքաթին է պատասխանատուն. ան սխալեցաւ, որովհետեւ չի կրնար կառավարութեան կողմէ տրուած հրամանագիր մը շրջաբերականով փոխել: Սակայն այս չի նշանակեր, թէ համաձայն եմ այն հակազդեցութիւններուն, որոնք արձանագրուեցան այս որոշումին դէմ, որովհետեւ անոնք ալ անընդունելի էին», ըսաւ ան:

Պու Սաապ ընդվզում յայտնեց անցեալ կիրակի օր Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կատարած յայտարարութեան գծով` աւելցնելով, որ սխալը նման արտայայտութիւններով կարելի չէ սրբագրել:

Պու Սաապ նշեց, որ ինք կը մերժէ մասնակցիլ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հրաւիրած հոգեւոր հանդիպումին, որովհետեւ Լիբանան կարիքը ունի ազգային միացեալ հանդիպումներու: «Մենք` իբրեւ քրիստոնեայ եւ իսլամ երեսփոխաններ, կարիքը ունինք միասնաբար նստելու եւ սերտելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այս տագնապէն դուրս գալ եւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Միքաթի Կրիոյի Հետ Քննարկեց Լիբանանին Վերաբերող Հրատապ Հարցեր

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?