Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Պատրաստ Եղէք Փողոց Իջնելու. Լիբանան` Գոյացութիւնը, Հայրենիքն ու Պետութիւնը Վտանգուած Են»

March 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին արտասանեց խօսք մը` կուսակցութեան Ը. ընդհանուր ժողովին, որ տեղի ունեցաւ «Հապթուր» պանդոկին մէջ:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան` գոյացութիւնը, հայրենիքը, պետութիւնն ու պատգամի երկիրը վտանգուած են` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն գոյութիւնը եւս վտանգուած է, եթէ անոնք շարունակեն մերժել երկխօսութիւնը:

Ան հաստատեց, որ քաղաքական ոչ մէկ կողմ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունի խորհրդարանին մէջ, հետեւաբար առանց համաձայնութեան լուծումներու կարելի պիտի չըլլայ յանգիլ:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ անկարելի է նորահաս սերունդները դաստիարակել այն համոզումով, որ կարելի չէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին դպչիլ, հակառակ անոր գործած հսկայական սխալներուն: Ան հաստատեց, որ դատական իշխանութիւնները որոշեցին բերման ենթարկել զայն, սակայն ապահովական պաշտօնական կառոյց մը կը պաշտպանէ զայն:

Ան կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդութեան պատրաստուելու` դիմադրելու համար այս աւազակներուն, որովհետեւ Ազգային ազատ հոսանքն է երկրին գերիշխանութիւնը:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանքը պիտի մնայ երկրին մէջ, եւ որպէսզի ան մնայ, ուրեմն տեղահանուածներն ու գաղթականները պէտք է հեռանան երկրէն:

«Կը փափաքինք, որ Լիբանան աշխարհին, արաբական աշխարհին եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենայ», ըսաւ ան:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ ինք նախագահական ընտրութեան բնական թեկնածու է, որովհետեւ երեսփոխանական մեծագոյն պլոքին նախագահն է: «Երբ պաշտօնապէս թեկնածութիւն չառաջադրեցի, որպէսզի պատճառ չդառնամ երկրին դատարկութեան, սակայն հարցերուն լուծումները դիւրացնելու մեր կեցուածքը բացատրեցին իբրեւ տկարութիւն, սխալ գրաւներ դրին եւ Ազգային ազատ հոսանքը քայքայել փորձեցին:

Պասիլ ընդգծեց, որ իրենց համար առաջնահերթութիւնը պետութիւնն է, որուն շրջագիծին մէջ Դիմադրութիւնը եւ ոչ թէ հակառակը:

Ան կոչ ուղղեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդութեան պատրաստուելու` փողոց իջնելու եւ գոռալու. «Երէկ, վաղը եւ շատոնց մենք ենք Լիբանանի գերիշխանութիւնը: Այսօր, վաղը եւ շատոնց մենք ենք Լիբանանի արժանապատուութիւնը: Երէկ, այսօր եւ վաղը հոսանքն ենք` ազգային եւ ազատ»:

Միւս կողմէ, շաբաթ երեկոյեան արտասանած խօսքի մը ընթացքին, Պասիլ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը դիմադրէ ներկայ վարչակազմին` կասեցնելու համար անոր ոճիրները եւ ոչ թէ շարունակելու անոր սխալ ընթացքը:

Ան հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն բաժանումը եւ անձնատուր պիտի չըլլան Արեւմուտքին` գոհացնելու համար անոր շահերը, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով:

Նախորդը

Ժահժահ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք. «Պատասխանատուներէն Կ՛ակնկալենք, Որ Աստուծոյ Դիմաց Հաստատեն Իրենց Պատասխանատուութիւնը` Պետութիւնը Քանդելու Եւ Նախագահական Ընտրութիւն Չկատարելու Առումով»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.