Հզօր Լիբանան համախմբումը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Համախմբումին նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ամառնային ժամանակացոյցի յետաձգման որոշումը յետս կոչելը` կառավարութեան կողմէ, ողջունելի է, եւ ցոյց կու տայ, թէ պետութեան տրամաբանութեան կառչած մնալու առողջ կեցուածք կայ տակաւին:
Հզօր Լիբանան համախմբումը կոչ ուղղեց կառավարութեան ճշդելու քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու հարցը` ըլլայ ան դրական, թէ ժխտական:
Համախմբումը հաստատեց, որ պատասխանատուութիւնը այլոց վերագրելու ոճին պէտք է վերջ տրուի, եւ կառավարութիւնը պէտք է վերջնականացնէ, թէ ինք կարողութիւն ունի՞ նիւթական, գումակային եւ թեքնիք բոլոր կարիքները ապահովելու` քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացնելու համար:
«Եթէ այս հարցումին պատասխանը այո՛ է, ապա կառավարութիւնը թող կատարէ այդ ընտրութիւնը` պատշաճ կերպով եւ ժողովրդավարութեամբ, առանց հարցերու եւ խնդիրներու: Իսկ եթէ անոր պատասխանը ո՛չ է, ապա ան թող անկեղծօրէն եւ յանդգնութեամբ յայտարարէ այդ մասին` շեշտելով, որ երկրին մէջ տիրող կացութիւնը եւ պայմանները չեն արտօներ քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացնել», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: