Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարպրա Լիֆ. «Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Համար Միացեալ Նահանգներ Յստակ Թեկնածու Մը Չունին»

March 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով օգնական Պարպրա Լիֆ, որ անցեալ ուրբաթ օր այցելած էր Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցած իշխանութեան պետերուն ու քաղաքական պատասխանատուներու հետ, հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ այդ հանդիպումներու արդիւնքներուն:

Լիֆ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան համար Միացեալ Նահանգներ յստակ թեկնածու մը չունին` աւելցնելով, որ այս առումով Ուաշինկթըն ոչ մէկ որոշում ունի:

Լիֆ նշեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահի ընտրութիւնը լիբանանցի երեսփոխաններուն պարտականութիւնն է, «եւ ցաւ ի սիրտ արդէն իսկ 5 ամիս անցած է նախագահական դատարկութեան փուլէն, եւ Լիբանան առանց նախագահի կը մնայ», ըսաւ ան:

Լիֆ շեշտեց, որ երբ երկիրը հանրապետութեան նախագահ չունի, ապա իր բոլոր լիազօրութիւնները վայելող կառավարութիւն մը գոյութիւն չ՛ունենար:

«Լիբանանի մէջ քաղաքական գործունէութիւնը ամբողջութեամբ թնճուկի վերածուած է, սակայն հարցին հանգուցալուծումը Միացեալ Նահանգներու պարտականութիւնը չէ, այլ` Լիբանանը ներկայացնող նորընտիրներուն, որոնք պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարեն իրենց պարտականութիւնը», յայտնեց ան:

Լիֆ նշեց, որ Ուաշինկթըն պատկերացում մը ունի այն թեկնածուի յատկանիշներուն մասին, որուն Լիբանան կարիքը ունի:

«Պէտք է ընտրել անձնաւորութիւն մը, որ ըլլայ բարոյականի տէր, պարկեշտ եւ երկրին ու ժողովուրդին շահերը նկատէ իր առաջնահերթութիւնը: Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ իր ամբողջ ներուժով աշխատի եւ իրագործէ վճռական բարեկարգումներ, որոնք Լիբանանը պէտք է գործադրէ` դուրս գալու համար այս ահաւոր տագնապէն», շեշտեց ան:

Լիֆ նկատել տուաւ, որ ամերիկացիները միշտ կը խորհրդակցին ֆրանսացիներուն եւ կարգ մը այլ երկիրներու հետ, որովհետեւ մենք բոլորս մտահոգ ենք Լիբանանի դիմագրաւած տագնապով: «Մենք անկեղծօրէն եւ միշտ կը խորհրդակցինք ֆրանսացիներուն հետ, սակայն կ՛ուզեմ վերահաստատել, որ Ֆրանսայի կամ Միացեալ Նահանգներու պարտականութիւնը չէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, այլ` Լիբանանի խորհրդարանին, որ ցարդ չէ կատարած իր պարտականութիւնը», ըսաւ ան:

Լիֆ դիտել տուաւ, որ ինք Լիբանան ժամանելէ ետք առաջին զարգացումը, որուն մասին իմացած է, Միջազգային դրամական ֆոնտին տեղեկագիրն է, որ յղուած է կառավարութեան եւ դեսպանատուներուն: «Տեղեկագիրին բովանդակութիւնը ոչ միայն լուրջ էր, այլ նաեւ` վտանգաւոր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ տնտեսական հսկայական տագնապներ դիմագրաւող Լիբանանի համար նախատեսութիւնները վտանգաւոր են, Միջազգային դրամական ֆոնտի ղեկավարին համաձայն», նշեց ան:

Լիֆ կարեւոր եւ անհրաժեշտ նկատեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան դիմաց զետեղուած արգելքներուն վերացումը, որպէսզի այդ ձեւով կարելի ըլլայ նաեւ կառավարութեան կարողութիւններն ու լիազօրութիւնները բարելաւել: «Այս իմաստով ժամանակը կը սպառի, եւ ասիկա էր հիմնական պատգամը, որ փոխանցեցի լիբանանցի ղեկավարներուն», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Պատասխանատուներէն Կ՛ակնկալենք, Որ Աստուծոյ Դիմաց Հաստատեն Իրենց Պատասխանատուութիւնը` Պետութիւնը Քանդելու Եւ Նախագահական Ընտրութիւն Չկատարելու Առումով»

Յաջորդը

Կառավարութեան Որոշումով Լիբանանը Ամառնային Ժամանակացոյցին Կը Վերադառնայ Չորեքշաբթի, 29 Մարտէն Հինգշաբթի, 30 Մարտ Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.