Անցեալ շաբաթավերջին Լիբանան պէտք էր ժամացոյցին սլաքը ժամ մը առաջ տանէր, որպէսզի սկսի ամառնային ժամանակացոյցին գործադրութիւնը, սակայն անցեալ հինգշաբթի օր Միքաթի հրապարակեց մէկ այլ որոշում մը, որուն հիման վրայ ամառնային ժամանակացոյցին գործադրութիւնը պիտի յետաձգուէր ռամատանի աւարտին, այսինքն` հինգշաբթի, 20 ապրիլէն ուրբաթ, 21 ապրիլ լուսցող գիշերը:
Այս որոշումը ընդվզումի հսկայ ալիք մը յառաջացուց երկրին մէջ: Անոր ընդդիմացան քրիստոնեայ գրեթէ բոլոր ղեկավարները, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ տարբեր համայնքներու եւ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, որոնք հաստատեցին, որ իրենք կը մերժեն ենթարկուիլ Միքաթիի որոշումին եւ յանձնառու կը մնան հետեւիլ միջազգային օրէնքին եւ որդեգրել ամառնային ժամանակացոյցը:
Լիբանանի մէջ օտար պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները իրենց կարգին հաստատեցին, որ չեն կրնար յանձնառու մնալ ձմեռնային ժամանակացոյցի գործադրութեան, որովհետեւ անկարելի է դեսպանատան մէջ ժամով մը գործել, իսկ անկէ դուրս` ուրիշ ժամով:
Հոգեւոր պետերու եւ կուսակցութիւններու որոշումներուն յաջորդեցին կրթական հաստատութիւնները, դպրոցներն ու համալսարանները:
Հետեւաբար երկրին մէջ ստեղծուեցաւ վիճակ մը, որ ահռելի էր` համայնքային լարուածութեան եւ ժամանակացոյցի որդեգրումին իմաստով:
Ճիշդ է, որ ամառնային եւ ձմեռնային ժամանակացոյցերու միաժամանակ գործադրութիւնը կիրակի օր մեծ հարցեր չստեղծեց, սակայն երէկ անորոշութիւն մը ստեղծուեցաւ երկրին մէջ, եւ պատահեցան որոշ խնդիրներ` ժամանակացոյցերու տարբերութեան պատճառով:
Ի պատասխան որդեգրուող կեցուածքներուն, Միքաթի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին փորձեց բացատրութիւններ տալ իր տուած որոշումին մասին, սակայն Ռայի պատրիարքը կառչած մնաց իր կեցուածքին:
Միքաթի շաբաթ երեկոյեան ըսաւ. «Կը մաղթէի, որ այս որոշումը համայնքային բնոյթ չստանար` բացի իր զուտ վարչական բնոյթէն, սակայն դժբախտաբար այդպէս չեղաւ»:
Ան յայտնեց նաեւ, որ կառավարութեան նիստը ջնջուած է` կոչ ուղղելով քաղաքական բոլոր ուժերուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները:
Կիրակի գիշեր Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորայի եւ Թամմամ Սալամի հետ: Անոնք Միքաթիէն խնդրեցին կառավարութիւնը հրաւիրել նիստի մը` երկրին ժամանակացոյցը ճշդելու իմաստով յստակ որոշում մը տալու նպատակով:
Անսալով այդ խնդրանքին` Միքաթի կիրակի կէս գիշերին կառավարութիւնը հրաւիրեց նիստի մը, որ գումարուեցաւ երէկ կէսօրին:
Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց սոյն նիստին, որուն օրակարգին վրայ կար մէկ ու միակ կէտ մը` երկրին ժամանակացոյցը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան 16 նախարարի պաշտօնակատարներ:
Նիստէն ետք Միքաթի յայտարարեց, որ կառավարութիւնը որոշեց 48 ժամ ետք վերադառնալ ամառնային ժամանակացոյցին: Հետեւաբար չորեքշաբթի, 29 մարտէն հինգշաբթի, 30 մարտ լուսցող գիշերուան ընթացքին պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցը:
Միքաթի հաստատեց, որ նախագահական նստաշրջանի աւարտէն ետք ինք հինգ ամիսէ ի վեր ճիգ չի խնայեր լիբանանեան պետութեան կառոյցը պահպանելու` աւելցնելով սակայն, որ իւրաքանչիւր մարդ արարած հանդուրժելու իր կարողութիւնը ունի, իսկ իր կարողութիւնը արդէն իսկ սպառելու սեմին կը գտնուի:
Միքաթի կոչ ուղղեց բոլորին պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու` աւելցնելով, որ երկրին ու պետութեան պատասխանատուութիւնը համագործակցաբար ու միասնաբար պէտք է որդեգրուի:
Երէկ երեկոյեան Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միքաթիի հետ եւ ողջունեց այդ որոշումը` հաստատելով, որ անիկա հանգստացնող որոշում է:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ այս գերզգայուն վիճակին ընթացքին Լիբանան կարիքը ունի յաւելեալ իմաստուն որոշումներու, որոնք կը միասնականացնեն լիբանանցիները եւ կը վերացնեն անոնց միջեւ բաժանումի ուրուականը:
Անոնք հաստատեցին, որ որեւէ հարց կամ տարակարծութիւն պէտք է ազգային ոգիով լուծել` զայն հեռու պահելով համայնքային որեւէ չափանիշէ:
Անոնք համաձայնութիւն յայտնեցին նաեւ, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը կանոնաւորելու համար պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահը` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին: