ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 107.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 90.000 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.939.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.986.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.764.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.254.000 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ վարչապետի պաշտօնը հիմնական է, եւ իրենք յանձնառու են անոր պաշտպանութեան: Տըրիան ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն ու նոր կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանի փրկութեան առաջնորդող ելքերը կը նկատուին: Միւֆթի Տըրիան ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Սլիմի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհի. քննարկուեցան ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ հարաւային արուարձաններուն մէջ օրերէ ի վեր կը լսուին կրակոցներ, որոնք հետեւանք են Լայլաքիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներու: Լիբանանեան բանակը քանի մը անգամ միջամտած է` հակակշռելու համար կացութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարոն, որուն հետ քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ բանակին միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ այնքան ատեն որ կառավարութիւնը անկարող է պետութեան գանձարկղը Կեդրոնական դրամատունէն անջատելէ, ապա երկրին ելեւմտական արիւնահոսութիւնը պիտի շարունակուի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ճիմի Ժապպուր յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցին առումով միջազգային ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրուած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Նաժաթ Սալիպա կոչ ուղղեց վերջ տալու նախագահական դատարկութեան փուլին` ընտրելով հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը ներկայացնէ երկիրը քանդող պատասխանատուներէն ձերբազատելու լիբանանցիներուն ձգտումները:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոեն Վերվաքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: